Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Նախաձեռնած Է Ազգային Ժողով Հրաւիրել Արցախի Հանրապետութեան Ընդհանուր Դատախազը Եւ ԱԱԾ Տնօրէնը

July 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ միասին` ՀՅԴ-ի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արթուր Աղաբեկեանի առանձնատան մէջ տեղի ունեցած խուզարկութիւններուն,  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ մամուլէն  տեղեկացած է Արթուր Աղաբեկեանի հարցին եւ յայտարարութեան մասին` աւելցնելով. «Եղած են նաեւ որոշ քննարկումներ կուսակցութեան մէջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կողմ եղած է օրէնքի գերակայութեան եւ դէմ` երբ օրէնքը կը ծառայեցնեն ենթակայական նպատակներու համար:

«Ճանչնալով Արթուր Աղաբեկեանը, անոր անցած ճամբան, մարտական ուղին, կը գտնենք, որ ասիկա զրպարտութիւն է եւ տակաւին չենք գիտեր, թէ այս ամէնը որո՛ւն կամ ի՛նչ շահի կը ծառայէ: Մեզի համար տարօրինակ է, որ խուզարկութիւններ կատարուած են նաեւ Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմբինատ» պետական ընկերութեան տարածքին մէջ, որ որեւէ առնչութիւն չունի Արթուր Աղաբեկեանի հետ: Վստահաբար գիտենք, որ մեծ եղած է Արթուր Աղաբեկեանի ներդրումը «Մետաքսկոմբինատ»  պետական ընկերութեան ստեղծման եւ կայացման գործին մէջ», նշած է Արմէն Սարգսեան:

Ան աւելցուցած է, որ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են նաեւ ապրիլ 2016-ին ձեւաւորուած` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան շտապ օգնութեան կառոյցի անդամները, որոնք յայտնած են իրենց վրդովմունքը շտապի գործունէութեան հանդէպ ցուցաբերուած անվստահութեան եւ զրպարտութեան եւ անընդունելի նկատած են նոյն շտապի անդամի` Արթուր Աղաբեկեանի նկատմամբ դրսեւորած գործողութիւնները:

«Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը կը պատրաստուի քայլերու ձեռնարկելու` հրաւիրելու «Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, քննարկելու այս օրերուն ստեղծուած իրավիճակը, քանի որ խօսքը ո՛չ միայն Արթուր Աղաբեկեանի, այլեւ ապրիլ 2016-ին ձեւաւորուած` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան շտապ օգնութեան կառոյցի գործունէութեան վերաբերեալ է: Կը նախատեսենք Ազգային ժողով հրաւիրել նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնն ու հանրապետութեան գլխաւոր դատախազը, որոնք պէտք է համապատասխան բացատրութիւններ տան վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ», ընդգծած է Սարգսեան:

Նախորդը

Արցախի Կառավարութեան Շտապ Օգնութեան Կառոյցի Անդամներու Յայտարարութիւնը` Արթուր Աղաբեկեանի Տան Խուզարկութեան Առիթով

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ոստիկանութեան Յանձնարարած Է Ուշադրութեամբ Ուսումնասիրել Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ Կապուած Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.