Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 37. Հաւատարիմ` Մայիս 28-ի Սերունդի Պատգամին

July 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ ձեռնարկ մը` Մըզհերի հայահոծ շրջանի մէկ պողոտան անուանակոչելով «Մայիս 28» եւ հոն կանգնեցնելով նաեւ յուշակոթող մը:

Անցնող երկու ամիսներուն լիբանանահայութիւնը մշակութային, մարզական, աշակերտական եւ ժողովրդային հաւաքներով ու համագաղութային տարողութեամբ նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Կեդրոնական մարմինին կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները առիթ հանդիսացան, որ նորահաս սերունդը մօտէն առնչուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտած սերունդի նուիրեալներուն հետ եւ հաղորդակից դառնայ անոնցմէ եկող մի՛շտ այժմէական պատգամներուն, յատկապէ՛ս հայութեան ու Հայաստանի ապրած ներկայ ժամանակահատուածի մարտահրաւէրներուն ու իրադարձութիւններուն դէմ յանդիման:

Կասկածէ վեր է ու պատմադրոշմ իրականութիւն, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերն ու կշիռը ունի նշանակալից հանգամանք, եւ առ այդ` համազգային իրագործումի կենսաւորման ու նաե՛ւ անոր արժէքային համակարգին պահպանման համար, անցնող տասնամեակներուն ժողովուրդին կուսակցութիւնը մի՛շտ ալ առաջնորդուած է խարսխուած գաղափարական այդ հէնքին վրայ ու իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակած ազատ եւ անկախ Հայաստանի քաղաքական ու ազգային մտածողութեամբ եւ հայրենիքը մի՛շտ ամէն բանէ վեր նկատելու պատմական կենսափորձ նուաճած հասկացողութեամբ: Այս բոլորը անշուշտ միշտ ալ կատարուած են յանուն ազգային մեծ տեսլականի ու երազի իրականացման` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի կերտման ի խնդիր: Այս երազի իրականացման ու պայքարի երթը շարունակելու վճռակամութեամբ, վերջերս նաեւ խումբ մը նորահաս երիտասարդներ ու ուսանողներ Մայիս 28-ը կերտած սերունդի նուիրեալներու պանթէոնին դիմաց կատարեցին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ յանձնառու դարձան նուիրուելու հայրենիքի ծառայութեան սուրբ գործին:

Այսօրուան ձեռնարկը իր կարգին կու գայ համալրելու 100-ամեակի նուիրուած նախաձեռնութիւնները, եւ անկախութեան կերտիչներէն Նիկոլ Աղբալեանի անունը կրող կոմիտէութիւնը վայել գիտակցութեամբ կու գայ մասնակից դառնալու 100-ամեակի համահայկական նշումներուն եւ կը կանգնեցնէ յուշակոթող մը Մըզհերի հայաշատ շրջանին մէջ: Վայրին ընտրութիւնը նաեւ այս պարագային ունի թելադրական խորիմաստ արտայայտութիւն` տրուած ըլլալով, որ յուշակոթողը կը կանգնի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի եւ Համազգայինի «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» ճեմարանի կողքին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի փուլէն անմիջապէս ետք, երբ այդ անկախութիւնը կերտած անկրկնելի սերունդը վտարանդի դարձաւ իր հայրենիքէն եւ անմիջապէս եկաւ Եգիպտոս ու ապա Լիբանան, ան հիմնական դերակատարը դարձաւ կեդրոնական այս գաղութի կազմակերպման աշխատանքներուն` հիմնելով ակումբներ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, Հայ ճեմարան, հրատարակչատուն, մամուլ, ստեղծելով ազգային բեղուն կեանք ու տալով այս գաղութին կեդրոնական դեր ու նշանակութիւն` ի խնդիր հայութեան գոյերթի շարունակականութեան:

Այդ սերունդը բախտը չունեցաւ այսօրուան ազատ ու անկախ Հայաստանը տեսնելու, սակայն իր դաստիարակած իրերայաջորդ սերունդները եւ ցանած գաղափարական սերմերը կենարար աւիւն ներարկեցին Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումին եւ արցախեան ազատագրական պայքարին:

Այդ սերունդին նկատմամբ իր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը արտայայտող պատուաբեր իրագործում մըն է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի նախաձեռնութիւնը եւ հայաշատ շրջանը պատմութեան հետ կամրջելու կարեւոր նախաձեռնութիւն մը: Հայ մարդը ամէն օր պիտի անցնի «Մայիս 28» պողոտայէն եւ հանդիպի յուշակոթողին, պահ մը կանգ առնէ ու իր մտածումներու թելը պահէ ամուր իր անցեալին եւ արմատներուն հետ: Այո, հաւաքական գործը խթանող ու Մայիս 28-ի համազգային սխրանքին յուշարարը հանդիսացող կոթող մըն է, որ կը կանգնի այսօր լիբանանահայութեան կարեւոր շրջաններէն մէկուն մէջ, եւ այդ մէկը ինքնին կու տայ հաւաքական փաստ ու վկայութիւն, որ կեդրոնական այս գաղութին համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արժէքը կը շարունակէ մնալ այժմէական եւ մեր հաւաքական կեանքը կենսաւորող պատգամ:

Հայրենի տաղանդաւոր քանդակագործ Կակոյի (Գագիկ Գէորգեան) ձեռակերտը հանդիսացող քանդակը խտացումն է 28 Մայիսի պատմական արժէքին, հայ ժողովուրդի միասնականութեան, պայքարի երթը շարունակելու վճռականութեան ու իւրաքանչիւր հայ անհատի կողմէ Հայաստանի դրօշի` իմա՛ ազգային արժանապատուութեան նկարագիրը անխախտ պահելու հաստատ վճռակամութեան:

Այս ձեռնարկին իւրաքանչիւր լիբանանահայու ներկայութիւնը հոգիի պարտք է եւ հպարտութեան եզակի առիթ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին ու վաստակին ընդառաջ, իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է պահ մը կանգ առնել այս յուշակոթողին դիմաց եւ վերանորոգել իր ուխտը` յանուն մեր մեծ երազի իրականացման: Հետեւաբար, բոլորս միասնաբար, պէտք է հաւաքական այդ ուխտի վերանորոգման պահը ապրինք եւ որոշենք շարունակել մեր երթը` նահատակ ցեղի անմահներու բացած ուղիով:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Սպասելով Թրամփ-Փութին Վեհաժողովի Արդիւնքին

Յաջորդը

«Սուրիայէն Ամերիկայի Հեռացումը Աղէտ Մը Պիտի Ըլլայ Անոր Քիւրտ Դաշնակիցներուն Համար» Կ՛ըսէ Կրահամ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.