ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Այսօր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնն ու բոլոր լրատուամիջոցներուն լուսարձակները կեդրոնացած են Հելսինքիի մէջ տեղի ունենալիք Թրամփ-Փութին վեհաժողովին վրայ, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահին հաւաստումով պիտի քննարկուին Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, «Միջին Արեւելքի այլ հատուածներու, հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման (իմա Իրանի) հարցերը»:
Վեհաժողովի օրակարգին վրայ ներառուած հիմնականին մէջ միջինարեւելեան այդ հարցերով մօտէն շահագրգռուած երկիրներէն Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ղեկավարները անցնող շաբթուան ընթացքին իրենց շահերը ապահովելու կամ առնուազն կարելիի սահմաններուն մէջ մեծերու համաձայնութենէն իրենց կրելիք վնասները նուազեցնելու մետասաներորդ պահու ճիգով մը հաղորդակցութեան մէջ մտան Փութինի եւ Թրամփի հետ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Փութինի հետ, իսկ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` Թրամփի հետ: Էրտողան իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փութինի հետ:
Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով շաբաթ օր յայտնեց, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումին ընթացքին «պիտի քննարկուի սուրիական տագնապը, ներառեալ այնտեղ Իրանի ներկայութեան հարցը: Ատիկա սուրիական խնդիրի հիմնական մասերէն է»: Ռուսական կողմը այդպիսով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այդ հարցին շուրջ բանակցելու:
Մինչ իրանեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման հարցը իսրայէլեան հիմնական պահանջ մըն է, Թուրքիան այն մտավախութիւնն ունի, որ այդ հարցով ռուսական զիջումին գինը կրնայ ինք վճարել. Թրամփ իրանեան ուժերու հեռացման դիմաց կրնայ համամիտ գտնուիլ սուրիական բանակին Իտլիպ մուտք գործելուն: Թուրքիոյ նախագահական բանբերի մը համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողան Փութինին յայտնած է, որ սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպ նահանգին մէջ որեւէ յարձակում պիտի տապալէ Ասթանայի համաձայնութիւնը: Էրտողանի կատարածը զգուշացումէ մը եւ լափալիսեան ճշմարտութեան նշումէն աւելի թրքական խոր մտավախութեան մը արտայայտութիւնն է, որովհետեւ Իտլիպի նկատմամբ վերահսկողութեան կորուստը կը նշանակէ Սուրիոյ տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ Անգարայի ազդեցութեան ու բանակցութեան սեղանին վրայ աթոռին կորուստը:
«Մեծեր»-ը ո՞ր հարցերուն շուրջ պիտի համաձայնին, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ համաձայնութիւններուն տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ ազդեցութիւնը «փոքրեր»-ուն վրայ. Ֆինլանտայի մայրաքաղաքէն ժամեր ետք տեղի ունենալիք հանդիպումին հրապարակուած արդիւնքները եւ անոնց նկատմամբ հակազդեցութիւնները թերեւս որոշ պատկերացում մը կու տան պատասխաններուն մասին:



