Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը` Պելճիքայի Հայ Համայնքին. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ձեր Ընտանիքներուն Մէջ Ամէն Օր Ճաշին Խօսիլ Հայաստան Վերադառնալու Մասին»

July 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցելութեան աւարտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղինէ եկեղեցի: Վարչապետ Փաշինեանին դիմաւորած են պելճիքահայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք ջերմօրէն ողջունած են վարչապետը եւ մաղթած յաջողութիւն` ի նպաստ Հայաստանի բարօրութեան:

Դիմելով պելճիքահայերուն` Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ. կ՛ուզեմ խօսիլ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան հիմնական իմաստին եւ հիմնական փոփոխութեան մասին: Այդ յեղափոխութենէն առաջ շատերը, որոնք տէ ժիւրէ ունէին Հայաստանի քաղաքացիութիւն` Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս, իրենք զիրենք տէ ֆաքթօ Հայաստանի քաղաքացի չէին նկատեր:

Յեղափոխութենէն ետք այս է մեր հիմնական ձեռքբերումը` անկախ անկէ` ամբողջ հայութիւնը տէ ժիւրէ ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն, թէ ոչ, ինքզինք կը նկատէ Հայաստանի հպարտ, արժանապատիւ եւ յաղթանակած քաղաքացի:

Այս յեղափոխութեան հիմնական իմաստը հետեւեալն է` մեր հայրենիքը, ձեր հայրենիքը խլուած էր եւ կը խլուէր ձեզմէ, մեր հայրենիքը, ձեր հայրենիքը այլեւս վերադարձուած է ձեզի եւ դուք էք բարձրագոյն իշխանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Եւ ես կ՛ուզեմ, որ մենք արձանագրենք. քաղաքական իրավիճակի, ընթացիկ իրավիճակի ամէնէն կարեւոր նրբութիւնը հետեւեալն է` մեր հայրենիքը վերադարձուած է ժողովուրդին, ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր խնդիրն է` ամէն մէկս մեր դիրքին, մեր տեղին, մեր կարողութիւններուն չափով տէր ըլլալ այդ հայրենիքին: Այս է հիմնական առաքելութիւնը:

Կ՛ուզեմ նշել, որ հայութեան մէջ չկայ այս գործընթացի (թաւշեայ յեղափոխութեան, «Ա.») ականատես ու վկայ, որովհետեւ բոլորը այս գործընթացին լիարժէք մասնակիցներն են եւ բոլորը իրենց ուժերու չափով ներդրում ունին այս յաղթանակին մէջ: Դուք` բոլորդ, այս յաղթանակի համահեղինակներն էք, որովհետեւ անկարելի պիտի ըլլար այս յաղթանակը առանց ձեր մեծ աջակցութեան:

Մօտեցած է ժամանակը, եկած է ժամանակը, որ մենք` բոլորս, ըլլանք  միասին, ապրինք իրարու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, եւ մեր ուսերուն կրենք մեր հայրենիքի հետագայ յաղթանակներու հզօրացման, բարեկեցութեան եւ երջանկութեան բեռը: Եւ ես կոչ կ՛ուղղեմ, ձեր ընտանիքներուն մէջ ամէն օր, ամէն ճաշին խօսելու Հայաստան վերադառնալու մասին, կապ չունի դուք մէկ ամիսէն, մէկ տարիէն, հինգ, թէ 15 տարիէն կ՛ընէք ատիկա, բայց ձեր երեխաները ամէն օր պէտք է լսեն, որ ձեր նպատակը Հայաստան վերադառնալն է, Հայաստան  ապրիլը, Հայաստանը հզօրացնելն ու ծաղկեցնելը»:

 

 

Նախորդը

Իշխանեան. «Միշտ Ալ Կրցած Ենք Յաղթահարել Մարտահրաւէրները»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Եւ Վարչապետ Փաշինեան Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուին Ֆրանսայի Դեսպանատուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.