Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Միշտ Ալ Կրցած Ենք Յաղթահարել Մարտահրաւէրները»

July 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ առկայ նախընտրական մթնոլորտին, ըսաւ, թէ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին համար նախընտրական փուլը սկսած է 4 մայիս 2015-էն` ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Այլ քաղաքական ուժերու, մասնաւորաբար` Սամուէլ Բաբայեանի Արցախ վերադարձին եւ գործողութիւններուն վերաբերեալ Իշխանեան մեկնաբանութիւն չկատարեց: «Բայց նախագահ Սահակեանի յայտարարութենէն ետք, որ 2020-ին ինք այլեւս պիտի չառաջադրուի, նկատելի է տարբեր քաղաքական ուժերու եւ քաղաքական դէմքերու, անհատներու աշխուժութիւն եւ նախապատրաստական աշխատանք 2020-ի ընտրութիւններուն: Այս սկիզբը, որ նախագահի յայտարարութենէն ետք տրուած է, տակաւին որոշակի փուլեր ունի անցնելիք: Ես կը կարծեմ` 2018-ի աշնան եւ 2019-ի առաջին ամիսներուն զարգացումները աւելի բուռն պիտի ըլլան, եւ արդէն աւելի պիտի ընդգծուի 2020-ի ընտրութիւններուն յայտ ներկայացնող քաղաքական ուժերու պատկերը», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով, որ հաւանաբար ի յայտ կու գան նոր քաղաքական ուժեր, որովհետեւ նախաձեռնող խումբերու  յայտարարութիւններու, որոշ քաղաքական քայլերու աշխուժութիւն կայ:

«Այդքանով հանդերձ` ես չէի ուզեր երէկուան հանդիպումը եւ յայտարարութիւնները առանձնացնել այդ բոլորէն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան` նկատի ունենալով պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի կազմակերպած ձեռնարկը: Վերջին շրջանին շատ խօսուեցաւ, որ Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի հետ կախուած արտաքին մարտահրաւէրները եւ Արցախի ներքաղաքական-նախընտրական իրավիճակը համահունչ չեն:

Դաւիթ Իշխանեան առաջարկեց տարանջատել մարտահրաւէրները եւ նախընտրական փուլը: «Ուղղակի առումով որեւէ նախընտրական հոլովոյթ չկայ: Ես չեմ տեսներ ուղղակիօրէն նախընտրական քարոզարշաւի սկիզբ: Այն, որ կան ձգտումներ, որոշ դրսեւորումներ` ակնյայտ է, բայց այդ ամէնը փորձել լայն տեսքով ներկայացնել, լայն պրիսմակով տեսնել` այլ խնդիր է: Ինչ կը վերաբերի մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անմիջական վտանգին, ապա այդպիսի իրավիճակներ մենք ունեցած ենք նաեւ նախորդ տասնամեակներուն` սկսած զինադադարէն մինչեւ այսօր: Մենք միշտ ալ կրցած ենք մեր խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ, քաղաքական կամքի դրսեւորումով  յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները: Ես յոյս ունիմ, որ այս անգամ ալ մենք կրնանք այդ ամէնը յաղթահարել` մանաւանդ նկատի առնելով, որ արդէն իսկ, կարծես թէ, ախտորոշուած է վերջին շրջանին Արցախի ներքին կեանքին մէջ ծաւալած քաղաքական աշխուժութիւնը, որ կրնայ վտանգել մեր ներքին կայունութեան, անվտանգութեան ընդհանուր բաղադրիչը», ըսաւ  Իշխանեան:

 

Նախորդը

Նախարար Մինասեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումներով Հետաքրքրուած Գործարարներու Հետ

Յաջորդը

Վարչապետը` Պելճիքայի Հայ Համայնքին. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ձեր Ընտանիքներուն Մէջ Ամէն Օր Ճաշին Խօսիլ Հայաստան Վերադառնալու Մասին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.