Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 52-րդ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

July 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 յունիսէն 1 յուլիս 2018 ժամանակամիջոցին գումարուած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 52-րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը քննեց ընթացաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ աշխատանքները եւ մշակեց յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան ծրագիրը:

Ժողովը արձանագրեց հետեւեալը.

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը մեկնելով կուսակցութեան ծրագիրէն եւ գաղափարախօսութենէն` կը հաստատէ, որ հաւատարիմ կը մնայ ամէնուրեք հայութեան մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանը հանդիսանալու իր առաքելութեան եւ նախանձախնդրօրէն տէր կը կանգնի հայ մարդու միտքի ու խօսքի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման եւ տնտեսական որեւէ շահագործումէ զերծ մնալու իրաւունքներուն:

Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՛ողջունէ համաժողովրդային շարժումով իրականացած խաղաղ իշխանափոխութիւնը Հայաստանի մէջ ու կը ջատագովէ հիմնովին ժողովրդավարական, արդար եւ թափանցիկ կարգեր հաստատելու նպատակները:

Ժողովը յատկապէս կ՛ողջունէ Հայաստանի իրականութեան մէջ տարածուած  փտածութեան դէմ ամբողջական պայքարը ու իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այդ ախտի ամբողջական վերացման:

Ժողովը նաեւ կը հաստատէ Արցախի մէջ ընկերային արդարութեան արմատաւորման հրամայականը:

Ժողովը քննեց եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց Դաշնակցութեան ծրագրային սկզբունքներէն, Ընդհանուր ժողովներու որոշումներէն բխող եւ իր կազմութենէն ի վեր կուսակցութեան աւանդներուն մաս կազմող` ազատ, ինքնաքննադատական եւ իր էջերուն մէջ ընդդիմադիր կարծիքներու տեղ տուող դաշնակցական մամուլի վարքագիծի այժմէականութիւնն ու մտաւորականներուն վրայ գուրգուրալու հրամայականը: Ժողովը նաեւ հաստատեց, որ միայն ազատ մթնոլորտի մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը իր խօսքը ազդու կերպով լսելի կրնայ դարձնել թէ՛ իր շարքերուն ու համակիրներուն եւ թէ՛ իր ընդդիմադիրներուն:

Ժողովը դրական գտաւ ընթացաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի շարունակական ճիգերը` ի խնդիր գաղութի միասնականութեան ամրապնդման ու անոր ողջ ներուժը հայութեան վերաբերող քաղաքական ու Հայ դատի առաջադրանքներու իրականացման գործին ծառայեցնելու: Հարկ է ընդգծել, որ այս ռազմավարութիւնն ու անկէ բխած մարտավարական տուեալները շրջանէն ներս շարունակաբար կիրարկուած են աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, ու պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ անոնց պահպանման ու ամրապնդման նկատմամբ:

Շրջանային ժողովը նաեւ դրական գնահատեց կարգ մը շրջանային եւ համաամերիկեան նշանակութիւն ունեցող աշխատանքներ, որոնց շարքին են` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ կազմակերպուող AYF Summer Camp-ի ծրագիրը, որ իր հինգերորդ տասնամեակը թեւակոխած է, ու ցարդ տասնեակ հազարաւոր հայ պատանի-պարմանուհիներու մասնակցութիւնը ապահոված, նմանապէս` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ամէնամեայ Youth Corps-ի ծրագիրը, որ մեր շրջանի երիտասարդները հաղորդակից կը դարձնէ իրենց հայրենիքին, Հայ դատի յանձնախումբերու իրականացուցած Gateway ծրագիրը, հայկական ազգային կամ այլ ամէնօրեայ ու միօրեայ վարժարաններուն զարկ տալու ծրագրերը, ՀՕՄ-ի,  ՀՄԸՄ-ի ու Համազգայինի իրենց վստահուած մարզերուն մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման գծով արձանագրած յաջողութիւնները, որոնք միանշանակ կը սատարեն այս ափերուն հաստատուած ու գրեթէ մէկ միլիոն հայութիւն հաշուող հայ համայնքի ուռճացման ու հզօրացման:

Վերջապէս, ժողովը եկաւ ընդգծելու, որ մեր գաղութը ամբողջութեամբ պէտք է իր բացառիկ ներդրումը ունենայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրագործման:

Աւարտին, ժողովը ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէի կազմը` բաղկացած հետեւեալ 11  ընկերներէն.

Գօգօ Թոփալեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Կարօ Իսփենճեան, Լեւոն Կիրակոսեան, Ռազմիկ Հարուն, Կարօ Մատենլեան, Միքօ Մելքոնեան, Ռազմիկ Շիրինեան, Սթիւ Տէտէեան, Թորոս Քեչեճեան եւ Քարմեն Օհանեան:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
52-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

 

Նախորդը

«Հայաստանի Հանրապետութիւնում Տեղի Են Ունեցել Անդառնալի Գործընթացներ. Յետ Ճանապարհ Այլեւս Չկայ Դէպի Փտածութիւն, Եւ Այլ Բացասական Երեւոյթներ» Լոս Անճելըսում Յայտարարեց Հայաստանի Փոխվարչապետը

Յաջորդը

Մամլոյ 141-րդ Լսարան. Կիրօ Մանոյեան Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Հայ Դատի Վիճակը` Քաղաքական Վերջին Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.