Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 11, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝  ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Վկայականներու Յանձնման Արարողութիւն

Յուլիս 4-ին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի պետական եւ Շուշիի ճարտարագիտական համալսարանները գերազանց աւարտած ուսանողներու վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Բ. Սահակեանը ընդգծած է, որ գիտելիքներու հանդէպ սէրը, աշխատասիրութիւնն ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը շրջանաւարտներուն պիտի օգնեն զարգացնելու իրենց ունակութիւններն ու կարողութիւնները` դառնալու բարձրակարգ մասնագէտներ եւ Արցախի արժանի քաղաքացիներ, ուրոյն աւանդ բերելու հայրենի երկրի զարգացման ու շէնացման:

«Մենք միշտ հպարտութեամբ կը նշենք, որ ունինք հայրենասէր, կիրթ ու զարգացած երիտասարդներ, որոնք իրենց ծնողներու արժանի զաւակներն են եւ անոնց պէս պատրաստ են ընելու հնարաւոր ամէն ինչ` հարազատ երկրի ու ժողովուրդի համար, պաշտպանելու եւ  զօրացնելու մեր անկախ հանրապետութիւնը` շարունակելով աւագ սերունդի աւանդոյթներն ու հայրենանուէր առաքելութիւնը», նշած է իր խօսքին մէջ երկրին ղեկավարը` աւելցնելով, որ պետութիւնը հետեւողական աշխատանք կ՛իրականացնէ կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման, երիտասարդներու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման, ժամանակակից գիտելիքներով զինուած, առողջ եւ հայրենասէր սերունդ դաստիարակելու ուղղութեամբ:

153 Հազար Տոլար Նուիրատուութիւն` ՀՕՄ–ի Ախուրեանի Կեդրոնին

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կու գայ տեղեկացնելու 200 հազար աւստրալիական տոլար` շուրջ 153 հազար ամերիկեան տոլար յատկացումի մասին, որ պիտի կատարուի Հայ օգնութեան միութեան` ըստ հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեաններու կտակի ցանկութեան: Մատթէոսեանները, որոնք մի՛շտ պատրաստ եղած են օգնելու ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներու լաւագոյնս գործադրման, իրենց մահկանացուն կնքեցին 2017-ին` կտակելով վերոյիշեալ գումարը Հայ օգնութեան միութեան, իբրեւ գրաւական այն հաւատքին, զոր ամոլը ունէր ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութեան եւ անկէ բխող այլազան ծրագիրներու կենարար արդիւնաւէտութեան հանդէպ:

Ի տես այս առատաձեռն նուիրատուութեան` Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի ատենապետ Նորա Սեւակեանը նշեց. «Այսպիսի մեծ գումար մը ՀՕՄ-ի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան յատկացնելու որոշումը ցոյց կու տայ կտակարարներուն օրինակելի նուիրումը` հանդէպ գաղութին ու հայրենիքին»:

Նոյն ոգիով, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գարոլին Շմաւոնեանը ըրաւ հետեւեալ հաստատումը. «Մատթէոսեան ամոլի նման բարերարներու նիւթական ու բարոյական անվարան ներդրումներն են, որ մեր միութեան կարողականութիւն կու տան իրականացնելու իր առաքելութեան պահանջները` յօգուտ մեր ժողովուրդին»:

Շուրջ քառորդ դար առաջ, 1997-ին, Հայ օգնութեան միութիւնը որոշեց Ախուրեանի մէջ կառուցել ու պահել Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած` ոչ շահութաբեր առողջապահական կեդրոն մը, ՀՕՄ-ի նիւթական յատկացումներով: Սկզբնական շրջանին կեդրոնը կոչուած էր ծառայելու Ախուրեան շրջանի վեց մօտակայ գիւղերու 22 հազար բնակիչներուն: Իսկ այսօր, երկու տասնամեակներու ծառայութենէ ետք, կեդրոնը իր խնամքը կը տարածէ Շիրակի մարզի աւելի քան 150 հազար հիւանդներու վրայ:

Իր մասնագիտացած բժշկական անձնակազմով կեդրոնը իր տրամադրութեան տակ ունի անհրաժեշտ բոլոր արդիական սարքաւորումները, ներառեալ` ձայնագրական եւ ստինքազննական ելեկտրոնային գործիքներ, որոնք կարեւոր են կնախտաբանական, մանկաբարձական ու մանկաբուժական քննութիւններու եւ պէտք եղած խնամքի մատակարարման համար, եւ մատչելի` շրջանի ամբողջ բնակչութեան, անվճա՛ր: 2005-ին Ծննդատան կեդրոնի յաւելումով նշանակելիօրէն աւելցած է անվտանգ ծնունդներու թիւը` առաջքը առնելով անտեղի մահերու հաւանականութեան: Իսկ անցեալ յունիսի սկիզբը կեդրոնը բախտաւորուեցաւ փոքրիկն Գարեգինով, որ դարձաւ ծննդատան 15.000-րդ նորածինը:

Հանգուցեալ զոյգը բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխատանքները` 2005-ին հովանաւորեց վիրահատութեան սենեակին ծախսերը:

Նաեւ, ի տես Ախուրեանի մէջ իրականացուած յաջողութիւններուն, նոյն ամսուան ընթացքին ՀՕՄ-ուհի Իշխանուհի Սիմոնեանը 30 հազար աւստրալիական տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին` իր ամուսնութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով:

Այս գումարին կէսը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան, ուր ՀՕՄ-ը հաստատած է յատուկ հիմնադրամ մը, որուն հասոյթէն 150 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ աղջիկ զաւակի ծնունդով` աշխարհ եկած ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» ծննդատան յարկին տակ:

Յիշեցնենք, որ 1910-ին հիմնուած Հայ օգնութեան միութիւնը, 27 երկիրներու մէջ գործող իր մասնաճիւղերով, ոչ յարանուանական մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական եւ բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն:

Փաշինեանը Յորդորեց Օգտուիլ Հայկական Արտադրանքէն

Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճներուն մէջ այսուհետեւ տեղադրուած պիտի ըլլան հայկական արտադրութեան համակարգիչներ: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, կառավարութեան յուլիս 4-ի նիստին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ իրենց առջեւ տեղադրուած են հայկական արտադրութեամբ համակարգիչներ:

«Կառավարութեան նիստերու համակարգչային ապահովումը փոխուած է: Ասիկա կապուած է մօտեցման փոփոխութեան հետ, ասիկա մեր քաղաքական մօտեցումն է: Մենք յայտարարած ենք, որ Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացումը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Ի դէպ, ո՛չ միայն ծրագրային ապահովման, այլեւ` յստակ արտադրանքի իմաստով», ըսած է Փաշինեանը:

Ան կարծիք յայտնած է, որ Ազգային ժողովին մէջ եւս պէտք է այսպիսի փոփոխութիւն տեղի ունենայ: «Պէտք է  նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ եւս տեղադրուին հայկական արտադրութեամբ համակարգիչներ: Մեր երկրին համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ արտադրութիւնը զարգանայ, մենք բոլորս նախապատուութիւնը պէտք է տանք հայկական արտադրութեան ու հայկական արտադրողներուն: Ինչպէս կը տեսնէք, այդպիսի կարելիութիւն կայ», նկատած է վարչապետը:

Փաշինեանը կոչ ըրած է Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն` գնումներ ընելու ժամանակ նախապատուութիւն տալ հայկական արտադրութեան: «Այս մէկը ե՛ւ հաճելի է, ե՛ւ շահաւէտ, ե՛ւ կը մեծցնէ տեղական արտադրութեան ու արտադրողներու կարելիութիւնները», ըսաւ ան:

Հայաստան-Արցախ Ֆոնտը 5 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Հայթայթած Է

2018-ի երկրորդ եռամսեակին Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 5 միլիոն տոլարի արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին:

Ըստ «Ասպարէզ»-ի, այս օժանդակութիւնը իրականացնելու համար Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 4,2 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է` «AmeriCares» կազմակերպութենէն` 3,8 միլիոն տոլար, «Direct Relief»-էն` 290 հազար տոլար եւ Քանատայի «Health Partners International»-էն` 156 հազար տոլար:

Մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն-«Քեմփ արեւ»-ը` 402 հազար տոլար, «Project Agape»-ը` 96 հազար տոլար, Հաուըրտ Գարակէօզեանի յիշատակի ընկերութիւնը` 86 հազար տոլար, Վիքթոր Փամպուքչեանը` 86 հազար տոլար եւ Սերգէյ Սարգիսովը` 15 հազար 500 տոլար:

Նշենք, որ այս մարդասիրական օժանդակութեան մեծապէս նպաստած են նաեւ բժ. Ալպերթ Ֆիլիփսը` 10 հազար 500 տոլար, բժ. Հրայր Կարապետեան-«Providence Center for Congenital Heart Disease»` 2300 տոլար եւ բժ. Յակոբ Յովակիմեանը` 1500 տոլար:

Իսկ բժիշկ Կարօ Արզու, Կլենտէյլէն, առատաձեռնօրէն հոգացած է 1,8 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով` քաղցկեղի յատուկ դեղորայքի երկու օդային առաքումներու ծախսը:

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են` Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, ՀԲԸՄ «Քլոտիա Նազարեան» սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիրի Մանուկներու միացեալ հիմնարկին, Հայաստանի ակնաբուժական ծրագիրին, «Մուրացան» երեխաներու ներզատաբանութեան (Endocrinology) կեդրոնին, Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնին, Նորք Մարաշի բժշկական կեդրոնին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին:

Անցնող 30 տարիներուն Հայաստան-Արցախ ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 789 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւններ` 158 թռիչքներով եւ 2408 ծովային արկղերով: Միայն 2018-ի առաջին վեց ամիսներուն Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 11,8 միլիոն տոլարի դեղորայք առաքած է Հայաստան եւ Արցախ:

«Հայաստան-Արցախ ֆոնտին կանոնաւորապէս կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլարի արժէքով կեանքեր փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեանը, ապա շարունակեց. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:

Պոլինա Օսետինսկայայի Եւ Կարէն Շահգալդեանի Ելոյթներով Ամփոփուեցաւ «Արմենիա» Միջազգային Փառատօնը

«Արմենիա» միջազգային երաժշտական փառատօնին եզրափակիչ հնչիւնը տրուեցաւ յուլիս 6-ին, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ  դաշնակահարուհի Պոլինա Օսետինսկայայի եւ ջութակահար Կարէն Շահգալդեանի ելոյթներով:

Նուագախումբի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնեցին, որ համերգը ղեկավարած է մալթացի յայտնի երգահան Ալան Չիրքոփը:

Յայտնենք, որ Պոլինա Օսետինսկայան առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուի: Ան նշած է, որ շատոնց կը փափաքէր Երեւան գալ: «Ուրախ եմ, որ վերջապէս եկայ: Լսած էի «Արմենիա» փառատօնին մասին: Նախորդ տարուան փառատօնին մասնակցած էր նուագող ընկերս` Մաքսիմ Վենգերովը, որուն հետ շատ կը համագործակցիմ: Դատելով այն անուններէն, որոնք մասնակցած էին երաժշտական այս իրադարձութեան, պէտք էր որ տպաւորիչ ըլլար», ըսած է դաշնակահարուհին:

Իսկ մալթացի երգահան Ալան Չիրքոփին  նշած է, թէ այս երկրորդ տարին է, որ փառատօնը կը կազմակերպուի եւ ակներեւ է, թէ ինչպէ՛ս նախորդ տարուընէ այս տարի զարգացած է, ինչպէս նաեւ աւելի ու աւելի ճանաչում ստացած է:

Հաղորդենք, որ աւարտեցաւ «Արմենիա» երկրորդ փառատօնը, որուն ընթացքին հայաստանեան երաժշտասէրներուն պարգեւուեցան 5 անմոռանալի երեկոներ, որոնք հարուստ էին անուանի մենակատարներով եւ երգացանկով:

Յուլիս 8-ին «Վարդավառ» Ամէնամեայ Միջազգային Փառատօն Գեղարդի Եւ Գառնիի Մէջ

Յուլիս 8-ին, Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախաձեռնութեամբ, 5-րդ տարին անընդմէջ կը կազմակերպուի «Վարդավառ» միջազգային փառատօնը, որուն նպատակն է երիտասարդութեան ու հանրութեան միւս շերտերուն  Վարդավառի տօնածիսական առանձնայատկութիւններու ինքնատիպ ներկայացումը, ազգային-աւանդական մշակոյթի հանրահռչակումը Հայաստանի մէջ եւ երկրի սահմաններէն դուրս:

Ամէն տարի Հայաստանէն, սփիւռքէն հայ եւ օտարերկրացի հազարաւոր հիւրեր համախմբող հեղինակաւոր փառատօնը կ’իրականացուի համաշխարհային նիւթական մշակոյթի գանձարանին մաս կազմող Հայաստանի մեծ յուշարձաններէն` Գառնիիի եւ Գեղարդի մէջ:

Այս տարի եւս փառատօնը իրականացաւ կանուխ առաւօտէն Գեղարդի վանքի մէջ` պատարագով եւ երիտասարդութեան օրհնութեան կարգով: Այստեղ փառատօնի հիւրերը կարելիութիւն ունեցան մասնակցելու տօնի խորհուրդին` հոգեւորականի կողմէն ջուր ցօղելու արարողութեան:

Կէսօրին Գառնիի տաճարի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Վարդավառի տօնակատարութիւնը` հեթանոսական աւանդոյթներու մատուցմամբ: Զուգահեռ, Գառնիի Նոյեան այգի մշակոյթի կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ ձեռնարկին պաշտօնական մասը. բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեանը, ողջոյնի խօսք արտասանեցին` Նոյեան այգի կեդրոնին ղեկավարը, Կոտայքի մարզպետարանի եւ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Ծրագրին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ յատուկ «Վարդավառ» միջազգային փառատօնի համար պատրաստուած գաթայի եւ գինիի հիւրասիրութիւն,  ազգային երգ ու պար, Վարդավառի շուրջպար եւ խաղեր: Մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան լուսանկարուելու հայոց դիցարանի  Աստղիկ  եւ Վահագն աստուածներու կերպարներուն հետ:

Նշենք, որ փառատօնի գլխաւոր գործընկերներն են` Նոյեան այգի մշակոյթի կեդրոնը եւ «Հայկական Փի.Ար. ընկերութիւն»-ը Գիտատեղեկատուական հասարակական կազմակերպութիւնը: Իսկ փառատօնի աջակիցներն են` Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ՈՍՏԱՅՆ-ը, Կոտայքի մարզպետարանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը, Հայ առաքելական եկեղեցին, «Վահագն» տհոլահարներու խումբը, Չարենցաւանի երիտասարդական ուսանողական միութիւնը, «Արտ» մշակոյթի կեդրոնի «Եանա տանս սթուտիօ» պարային խումբը,  Գառնիի մշակոյթի տան Գառնի պարային համոյթը:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Սկսելուն Մասին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը օգոստոս 10-24 պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնական ճանաչողական ծրագիրը, որ նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ծրագիրը ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացքներ` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն:

Ծրագրի ճանաչողական մասը կը նախատեսուի մասնակիցներուն այցելութիւններ կազմակերպել` Հայաստանի պատմական, մշակութային վայրեր, ինչպէս նաեւ շարք մը առաջատար ուսումնական, ստեղծարար եւ արհեստագիտական կեդրոններ: Հանդիպումներ պիտի ունենան պետական պաշտօնեաներու եւ մշակութային գործիչներու հետ: Մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ ճամբարային քառօրեայ ծրագիր:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագրին մասնակցելու դիմումնագիրները ընդունուեցան սահմանուած կարգով` մինչեւ յունիս 30:

Նշենք, որ ներկայացուած է մօտաւորապէս 550 դիմումնագիր` աշխարհի 26 երկիրներու հայ համայնքներէն:

Ասիկա աննախադէպ իրադարձութիւն է, երբ սփիւռքի նախարարութիւնը միաժամանակ աւելի քան 5 հարիւր մասնակից պիտի ընդունի նոյն ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Հետեւաբար «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը լաւագոյնս կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար մենք տակաւին մէկ ամիս առաջ սկսած ենք համագործակցելու «Դասաւանդի՛ր Հայաստանի համար» (Teach For Armenia) եւ «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) կրթական կազմակերպութիւններուն հետ: Վերջիններուս ջանքերով մշակուած է ծրագրին կրթական մասը: Դասընթացքները պիտի իրականացուին Հայ-ռուսական համալսարանին հետ: Այսպիսով, Հայ-ռուսական համալսարանը մեզի անվճար հիմունքներով պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ քանակութեամբ լսարաններ, պիտի ապահովուին դասընթացքներուն համար նախատեսուած պայմանները, իսկ կրթական գործընթացը պիտի ղեկավարեն «Դասաւանդի՛ր Հայաստանի համար» եւ «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւններուն մասնագէտներն ու ուսուցիչները:

Բացի այդ, նկատի առնելով, որ մասնակիցներուն քանակը չափազանց մեծ է` մենք սկսած ենք նաեւ բանակցութիւններ վարելու այլ կազմակերպութիւններու հետ: Իբրեւ արդիւնք` «Կոնվերս դրամատունը» եւ «gg»-ն պատրաստակամութիւն յայտնեցին համալրելու ծրագրին հովանաւոր-խումբերուն շարքերը` այսպիսով մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելով մեզի:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» (Հեղինակ` Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան)

Յաջորդը

Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150-ամեակ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?