Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարօն Մարգարեան Եւ Արա Վարդանեան Հրաժարական Ներկայացուցած Են

July 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հրաժարական ներկայացուցած է: Հրաժարականի մասին Տարօն Մարգարեան տեղեկացուցած է երեւանցիներուն յղած իր ուղերձով:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Սիրելի՛ համաքաղաքացիներ,

Խօսքս կ՛ուղղեմ ձեզի` յայտնելու Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնէն հրաժարելու իմ որոշումիս մասին եւ շնորհակալութիւնս յայտնելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին` համագործակցութեան եւ միացեալ աշխատանքի համար:

Միասին անցած ճանապարհին ընթացքին` փորձած եմ լսել ձեզմէ իւրաքանչիւրին ձայնը եւ քայլ առ քայլ լուծած մայրաքաղաքի խնդիրները, եղած եմ խոստումիս ու ծրագիրներուս հաւատարիմ: Այդ առումով, կ՛ակնկալեմ ներողամտութիւն մեր բոլոր այն համաքաղաքացիներէն, որոնց հետ մեր միացեալ ճամբան կ՛ընդհատուի:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Երեւանի աւագանիի գործընկերներուս, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերուն, գործընկեր կառոյցներուն եւ անհատներուն` միացեալ աշխատանքին եւ միասին անցած ուղիին համար»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` 9 յուլիսին հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, որ ներկայացուցած է իր հրաժարականը` կապուած պաշտօնական դիրքը չարաշահելու իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքին հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան, իբրեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, ի գիտութիւն ընդունած է Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը:

Ըստ սահմանուած կարգին, դիմումը պիտի ուղարկուի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն` հաստատման համար, որմէ ետք պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ, որ մրցութային կարգով պէտք է ընտրէ հիմնադրամի նոր գործադիր տնօրէն:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` հանրապետութեան նախագահը կը կարծէ, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր հիմնադրամը իրականացուցած է կարեւոր եւ օգտակար ծրագիրներ` իր շուրջ համախմբելով ազգային եւ հոգեւոր կառոյցներ, բարերարներ եւ հարիւր հազարաւոր անհատներ: Ուստի, հիմնադրամը դեռ առաքելութիւն ունի իրագործելու Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի կեանքին մէջ:

Սակայն պարզ է նաեւ, որ հիմնադրամը կարիք ունի կազմակերպական եւ յղացական նոր մօտեցումներու, որոնք աւելի պիտի բարձրացնեն անոր արդիւնաւէտութիւնը, վստահութիւնը եւ կշիռը:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Լիբանանցի Գործարար Նիքոլա Ժորժ Ապու Ֆայսալը Եւ Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարը

Յաջորդը

Վաղը Պրիւքսելի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպում

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.