Շաբաթ, 7 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` գլխաւորութեամբ Ա. փոխնախագահ Տումեթ Քալլապի եւ անդամներուն մեծամասնութեան:
Ժողովականներու օրակարգին միակ նիւթն էր քննարկել ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի ներկայացուցած հրաժարականի հարցը:
Նիստին մասնակցող բոլոր ժողովականներն ալ ընդունեցին Քախիային ներկայացուցած հրաժարականը:
Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Քախիա երկրորդ անգամն ըլլալով կը ներկայացնէր իր հրաժարականը` պաշտօնական գրութեամբ մը: