Շաբաթ, 7 յուլիսին ամբողջացան 2018-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին հասած վերջին երկու խումբերը, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումները: Թէեւ հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել Խրուաթիոյ վրայ, անոր հետ 120 վայրկեանի ընթացքին արձանագրելով 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն երբ կարգը հասաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիան, հրաժեշտ տուաւ Մոնտիալին, երբ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Խրուաթիայէն:
Ռուսիայէն փենալթի չկրցան նշանակել Ֆետոր Սմոլով եւ Մարիօ Ֆեռնանտեզ, իսկ Խրուաթիայէն Մաթէօ Քովասիչ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին 120 վայրկեաններուն ընթացքին նշանակուած կոլերուն, Ռուսիայէն կոլերու հեղինակ դարձան Տենիս Չերիշեւ (31-րդ) եւ Մարիօ Ֆեռնանտեզ (115-րդ), իսկ Խրուաթիոյ կոլերը նշանակեցին Անտրէ Քրամարիչ (39-րդ) եւ Տոմակոժ-Վիտա (101-րդ):
Մրցումին ներկայ էր նաեւ` Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Քիթարովիչ:
Օրուան իրաւարարն էր պրազիլցի Սանտրօ Ռիքիի: Ֆիշթի մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին ներկայ էր 44 հազար հանդիսատես:
Կիսաւարտականին Խրուաթիա իր դէմ պիտի ունենայ Անգլիան, որ քառորդ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Շուէտի` ներկայացնելով բացառիկ եւ տպաւորիչ մրցում մը:
Սամարա Արենայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 40 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս:
Անգլիոյ կոլերը նշանակեցին Հերի Մաքուայըր (30-րդ) եւ Տելէ Ալլի (59-րդ):
Նշենք, որ երէկուան նման այսօր եւս որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:
Երեքշաբթի, 10 յուլիսին, տեղի պիտի ունենայ կիսաւարտականին առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Ֆրանսա կը մրցի Պելճիքայի դէմ: Իսկ չորեքշաբթի, 11 յուլիսին, Խրուաթիա իր դէմ կ՛ունենայ Անգլիան:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:00-ին Պէյրութի ժամանակացոյցով: