Երէկ` կիրակի, 8 յուլիսին, իր աւարտին հասաւ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ռելին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն էր 769 քմ, կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ կը վարէր «Սքոտա Ֆապիա Ար.-5» ինքնաշարժը, անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ կը մնայ տէրն ու տիրականը Լիբանանի միջազգային ռելիներու ոլորտին` նկատի ունենալով, որ ան անգամ մը եւս հանդիսացաւ առաջին երբ արձանագրեց 2 ժամ 07՛ 43՛՛ արդիւնք մը:
Ան այսպիսով 14-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս ռելիի տիտղոսին` ապացուցելով, որ կը մնայ տիրական ներկայութիւնը: Յառաջիկայ տարիներուն շատ դժուար պիտի ըլլայ, որ որեւէ վարորդ կարենայ անոր հաստատած այս մրցանիշին հասնիլ:
2-րդ դիրքը գրաւեց քաթարցի Նասեր Աթիէ, որ իր օգնականին` Մեթիու Պոմելի (Ֆրանսա) հետ արձանագրեց 2 ժամ 09՛ 07՛՛ արդիւնք մը («Ֆորտ Ֆիեսթա Ար.- 5»):
Երրորդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար-Զիատ Շեհապ (Լիբանան) զոյգը որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 2 ժամ 14՛ 06՛՛ արդիւնք մը (Սքոտա-Ֆապիա Ար.-5):
Յայտնենք, որ 29 ինքնաշարժներէն 20-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:
Լուսանկարները տրամադրեց`
ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ. ՌԷՅՍԻՆԿ