Ռէալ Մատրիտի եւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ իր մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի Մոնտիալին կը կասկածի, որ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պիտի հեռանայ արքայական ակումբէն:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, Ռոնալտօ մօտերս պայմանագրութիւն մը պիտի կնքէ Եուվենթուսի հետ:
«Իմ կարծիքս այն է, որ ան պիտի չհեռանայ Ռէալ Մատրիտէն, որովհետեւ աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն մէկն է, եւ անոր ներկայութիւնը շատ կարեւոր է խումբին համար: Չեմ պատկերացներ Ռոնալտոն տեսնել եւրոպական այլ ակումբի մը մարզաշապիկով», ըսաւ Մոտրիչ:
Կ՛ակնկալուի, որ վաղը` երեքշաբաթի, 10 յուլիսին Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս յայտարարութիւն մը կատարեն այս գծով: