Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի բերդապահ Փիթըր Շմայքըլ նախատեսեց, որ Ռուսիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող 2018-ի Մոնտիալի աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Պելճիքա եւ Խրուաթիա:
«Խումբերուն ցուցադրած խաղը, իմ կարծիքովս, երկու կազմերը պիտի հասցնէ աւարտականին: Ասիկա կը նկատուի լաւագոյն տարբերակը: Սակայն պէտք չէ անտեսել Անգլիան, որ սքանչելի ներկայացումներ կը ցուցադրէ: Սակայն Խրուաթիա կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել Անգլիոյ համար», կ՛ըսէ Շմայքըլ: