Անգլիական «Պի. Պի. Սի.»-ի ֆութպոլի մեկնաբանը, որուն անունը չի նշուիր, Մոսկուայի մէջ թաքսի-ի վարորդի մը կողմէ կողոպուտի ենթարկուած է:
Նշուեցաւ որ 2018-ի Մոնտիալին գծով տեղի ունեցած մրցումէ մը ետք. ան դաշտէն կ՛ուղղուէր դէպի իր իջեւանած պանդոկը:
Թաքսի-ին մէջ անոր սուրճ հրամցուած է: Սուրճը խմելէ ետք կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը:
Արթննալէ ետք, ան ինքզինք գտած է փողոցը, առանց իր մօտ գտնուող դրամներուն, բջիջային հեռաձայնին եւ անձնական իրերուն:
Ռուսիոյ մէջ գտնուող անգլիական դեսպանատունը ոստիկանութենէն պահանջեց այս գծով հետաքննութիւն կատարել: