Վաղը` երեքշաբթի, 10 յուլիսին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ սկովտիական Սելթիքը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուած են Սերպիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարն է Տանիլօ Կրուիչ, իսկ անոր օգնականները` Վլատիմիր Եովանովիչ եւ Տրական Պոկեչեւիչ: Չորրորդ իրաւարարն է Նովաք Սիմովիչ: Իսկ մրցումին հսկողն է Սթեֆանօ Փոտեսքի (Սան Մարինօ):