Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ իրենք ստիպուած բացայայտած են Մեհրապի համաձայնագիրը, որովհետեւ անոր գաղտնի գոյութիւնն ու անոր շուրջ ստեղծուած կասկածները օգտագործուեցան մարդոց միտքերը շեղելու նպատակով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր նաւթը արտահանելու ամբողջական իրաւունքին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի հարց տուաւ. «Ո՞վ արտօնած է Հըզպալլային սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին նպատակով խորհուրդներ կազմելու»: Միւս կողմէ, ան խորհուրդ տուաւ չմերժել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուժային նախարարութեան մը յանձնումը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին պատճառը տնտեսական տեսլականի մը չգոյութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ բաւական դժուար եւ բարդ կացութիւն: Ան ընդգծեց, որ պէտք է աշխատիլ շրջանցելու համար տիրող այս վատ իրավիճակը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը, որուն մէջ կը ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ նշեց, որ կառավարութիւնը առանց վարչապետ Սաատ Հարիրիի կարելի պիտի չըլլայ կազմել` աւելցնելով, որ բոլոր համայնքները պիտի ներկայացուին նոր կառավարութեան մէջ, որուն յայտարարութիւնը պիտի չուշանայ: Միւս կողմէ, Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ բնակարանային վարկերու վերաբերող իրենց ներկայացուցած ծրագիրին համաձայն են Լիբանանի դրամատուներուն 80 առ հարիւրը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութեան մաս կազմող ղեկավարներուն մեծ մասը, որոնք լիբանանցիներուն կը խոստանան վերջ տալ փտածութեան եւ տագնապներուն, փտածութեան մարմնացում են:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ իր նպատակը կառավարութեան որդեգրելիք քաղաքականութիւնն է եւ երկրին դիմագրաւած տագնապները լուծելու անոր կարողութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ ոմանք հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին իրաւասութիւնները կը փորձեն իւրացնել եւ միջամտել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց բոլորին այս կամ այն քաղաքական ուժը չիրաւազրկելու կառավարութեան մաս կազմելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ ջնջել Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որ տիւրզի համայնքի ղեկավար է եւ կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուի նախարարով մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ իր կարծիքով` կարելի չէ ազգային միասնականութեան կառավարութեամբ մը երկրին մէջ փոփոխութիւն եւ բարեկարգում իրականացնել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ սուրիական բանակը փաստած է, թէ ինք լաւագոյն բանակն է, որ կրնայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմիլ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջուն ջոկատներ անցեալ շաբաթավերջին ստուգեցին Ուազզանիի եւ Ուատի Ասալի միջեւ գտնուող սահմանագիծն ու փշաթելերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական յանձնախումբի պատասխանատու Ուալիտ Պուխարի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան: Պուխարի հերքեց բոլոր այն լուրերը, թէ Ռիատ կը փափաքի ուշացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` զանոնք նկատելով անճիշդ տեղեկութիւններ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետէն պահանջած են երեք նախարարութիւն` երկրագործութեան, ճարտարարուեստի եւ պետական նախարար մը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկները քրիստոնեայ, տիւրզի եւ սիւննի համայնքներուն ներկայացուցչութիւներն են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները վերագրելով Հըզպալլայի աղբիւրներուն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնող թնճուկները ներքին լիբանանեան են:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ քանդած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող ներկայ արգելքները կարելի է լուծել սեղմ կառավարութիւն մը կազմելով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կայունութիւնը հովանաւորող երկիրները կը մերժեն խախտել Լիբանանի իշխանութիւնը կազմող քաղաքական ներկայ պատկերը:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադառնալէ ետք անմիջապէս պիտի նախաձեռնէ կառավարութեան կազմութեան նոր խորհրդակցութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին պիտի յանձնէ կառավարութեան նոր կազմ մը: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի առաւելագոյնը 48 ժամէն վերադառնայ Լիբանան:

 

Նախորդը

Թեհրան Դատապարտած Է Իրանցի Դիւանագէտներու Հոլանտայէն Արտաքսումը

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Մեհրապի Համաձայնութիւնը Սահմանադրութեան Դէմ Հարուած Է, Իսկ Մենք Երկու Նախարարութիւն Կը Պահանջենք»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?