Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Բ.)

Յուլիս 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Օրերը երկարիլ սկսան:

Այս նախադասութեամբ է, որ կ՛ողջունենք այն առաջին ազդանշանը, որ մեզի կը յուշէ, թէ գարունը մօտեցաւ, եւ իրիկունները աւելի ուշ մթննալ սկսան: Բայց հիմնովին սխալ նախադասութիւն է այդ: Օրերը երկարիլ չեն սկսիր: Օրերը միշտ նոյն տեւողութիւնը ունին, օրերը ամառ թէ ձմեռ, միշտ նոյն` քսանչորս ժամերէն կը բաղկանան: Այլ խօսքով, օրերը չե՛ն, որ երկարիլ սկսան: Լո՛յսն է, որ աւելի երկար մնալ սկսաւ: Օրուան տեւողութիւնը նոյնն է միշտ, բայց օրուան լուսաւոր մասն է, որ երկարիլ սկսաւ հիմա: Աւելի ճիշդ խօսած պիտի ըլլայինք, եթէ ըսէինք.

– Օրերուն լուսաւոր մասը երկարիլ սկսաւ: Բայց ասիկա աղուոր չէ. ընդունուած ձեւ չէ, բանաստեղծական ալ չէ: Միւսն է, որ աղուոր է:

– Օրերը երկարիլ սկսան:

Հրաշալի՛:

Բայց այս կերպով ընդգծած եղանք նաեւ, որ այս նախադասութեան մէջ մենք օրը նոյնացուցած ենք լոյսին հետ: Օրը լոյս կը նշանակէ ուղղակի: Օրերը երկարեցան ըսել` կը նշանակէ ըսել` լոյսի շրջանը երկարեցաւ: Ժողովուրդին իմաստութիւնը կարծես հասկցած, շատ լաւ հասկցած է, որ մեր կողմէ օր կոչուածը օրուան լուսաւոր մասն է` ըստ էութեան, իսկ օրուան մութ մասը, այսինքն գիշերային մասը այլեւս կարծես օր չէ, ուրիշ բան մըն է, ուղղակի գիշեր է:

Ինչպէ՛ս չսիրենք լոյսը, ինչպէ՛ս չպաշտենք զայն:

Լոյսը Մայր Բնութեան ամէնէն հրաշալի նուէրներէն մէկն է մեզի` մարդուս ու երկրագունդին վրայ ապրող բոլոր էակներուն: Լոյսը հրաշալի է նախ անով, որ կենդանութեան ու արթնութեան մեր շրջանը կը խորհրդանշէ աշխուժութեան, լիիրաւ ապրումի մեր շրջանը, մինչ մութը կը խորհրդանշէ մեր քնանալու, օրը այլեւս ամբողջապէս չապրելու մեր շրջանը: Լոյսը տակաւին մերկացում է, երեւում ու տեսանելիութիւն է, մինչ խաւարը ծածկուիլ է, անտեսանելի դառնալ, սեւի մը մէջ կորսուիլ ու հալիլ է: Լոյսը կարծես կենսունակութեան մեր շրջանն է, մինչ մութը մեր յոգնութեան ու լճացումի շրջանն է:

Իսկապէս Մայր Բնութեան հրաշալի նուէրն է լոյսը, հրաշալի, յորդահոս, գունագեղ, մանաւանդ` բոլորին ձրիօրէն տրամադրելի: Բնաւ կը մտածե՞նք, թէ գիշերուան ժամերու լոյսը ձրի չէ մեզի համար, դրամ ու ծախս կը նշանակէ: Մոմը ձրի չէ, քարիւղը ձրի չէ, լապտերը ու ելեկտրական լոյսը ձրի չեն, բոլորին համար գումար կը վճարենք, մինչ Մայր Բնութեան լոյսը ձրի է: Մայր Բնութիւնը ո՛չ մէկ հաշուեցուցակ պիտի ղրկէ մեզի իր ամէնօրեայ լոյսին համար: Միայն երբեմն մեզ պիտի ղրկէ անկէ, որպէսզի կարծես մեզի յիշեցնէ այդ լոյսին նիւթական ու բարոյական արժէքը:

Ամէն անգամ, որ ամպամած օդով օդանաւ կը նստիմ ու ճամբորդութեան կը պատրաստուիմ, գիտեմ, որ ամպերուն մէջէն բարձրանալէ վերջ լոյսը պիտի գտնենք: Ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասեմ այդ վայրկեանին: Օդանաւը թռիչք կ՛առնէ ու անմիջապէս կը մտնէ ամպերու մէջ: Կը նայիմ պատուհանէն ու ոչինչ կը տեսնեմ, եթէ ոչ` ճերմակ մշուշ մը, ճերմակ վարագոյր մը: Չեմ յուսահատիր ու կը սպասեմ: Քանի մը վայրկեան եւս կ՛անցնի: Ու յանկարծ ամբողջ օդանաւը կը լուսաւորուի, կարծես լոյսի ռումբ մը պայթած ըլլար ներսը: Արեւուն ճառագայթներն են, որ կը մտնեն պատուհաններէն ներս ու մեզի կ՛ըսեն. «Մենք հոս էինք»:

Հոն էին, այո՛, ամպերէն վեր, ամպերուն ետին: Կ՛ուրախանամ ու կը մտածեմ վարը մնացած այն մարդոց մասին, որոնք հիմա չեն տեսներ արեւոտ սա այն լոյսը, որուն մէջէն կը թռինք մենք:

Հրաշալի նուէր, հրաշալի ու անսպառ: Աստուա՛ծ իմ, մենք գիտենք, որ երկրագունդին վրայ օր մը հանքածուխը կրնայ սպառիլ, կազը կրնայ սպառիլ, փայտը կրնայ սպառիլ, բոլոր ուժանիւթերը օր մը կրնան սպառիլ, բայց գիտենք, կը զգանք, որ լոյսը երբեք պիտի չսպառի: Լոյսը, արեւուն լոյսը, մարդուս մտքին համար հասկնալի յաւերժութեան մը ընթացքին բնաւ պիտի չսպառի: Կրնանք սարսափիլ ու շշմիլ, եթէ մտածենք, թէ ինչպիսի՛ ուժ մըն է, որ ստեղծած ըլլալու է այդ անսպառ լոյսը, լոյս մը, որ կու գայ անյիշելի շրջաններէ ու կ՛երթայ դէմի աներեւակայելի շրջաններ: Կ՛երթայ միշտ նոյն թափով, նոյն պայծառութեամբ, նոյն տեսանելիութեամբ:

Եւ այն ատեն դարձեալ կը հասկնանք, որ սխալ նախադասութիւն կը գործածենք, երբ կ՛ըսենք, որ «լոյսը կը ծագի» ամէն առաւօտ: Լոյսը չի ծագիր, որովհետեւ լոյսը արդէն կար, որովհետեւ լոյսը արդէն չէր մարած երէկ գիշեր, երբ մութը իջնել սկսաւ: Լոյսը պարզապէս ուրիշ տեղ գացած էր: Մենք երբեմն մութին մէջ կը մնանք, բայց լոյսը միշտ տեղ մը կը լուսաւորէ: Երկրագունդը երբեք ու երբեք ամբողջական մութի մէջ չի թաղուիր: Երկրագունդին մէկ մասը միշտ լուսաւոր է:

Առաջին անգամ, երբ օդանաւով կը վերադառնայի Ամերիկայէն, զարմանքով տեսայ, որ այդ օր օդանաւին մէջ գիշերը հազիւ թէ երկու կամ երեք ժամ տեւեց: Թերեւս` քիչ մը աւելի: Բայց` շատ կարճ: Ճամբայ ելանք լոյսի մէջ, յետոյ դուրսը մթնեց, ճամբորդեցինք գիշերուան մէջ, բայց յանկարծ տեսայ, որ դարձեալ լուսաւորուեցաւ: Որովհետեւ մենք կարծես քալած էինք ո՛չ թէ խաւարին հետ, այլ` լոյսին հետ: Եւ այն ատեն կէս լուրջ-կէս կատակ մտածած էի, որ մարդ, եթէ ուզէ, օդանաւով մը այնպէս մը կը ճամբորդէ, որ կեանքին մէջ գիշեր չի տեսներ, որովհետեւ երկրագունդին վրայ միշտ կայ իր ցերեկը ապրող լուսաւոր տեղ մը: Կը բաւէ, որ մէկ լուսաւոր տեղէն երթաս միւս լուսաւոր տեղը:

 

 

Նախորդը

Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150-ամեակ

Յաջորդը

Հայոց Ձորի Ճակատամարտի 4510-ամեակ. Հայկի Յաղթանակը Բռնակալ Բէլին Դէմ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?