Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ձորի Ճակատամարտի 4510-ամեակ. Հայկի Յաղթանակը Բռնակալ Բէլին Դէմ

Յուլիս 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բաց նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, ՀՀ եւ սփիւռքի հասարակական, քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններուն։

Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, այս տարի կը լրանայ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: Այդ իրադարձութիւններուն մասին յաճախ կը խօսուի, սակայն, հազուադէպ բացառութեամբ, ոչ մէկ խօսք կ՛ըսուի, որ այս տարի կը լրանայ նաեւ Հայոց ձորի ճակատամարտի 4510-ամեակը: Յայտնի է, որ այդ ճակատամարտին ՆՔ 2492 թուին նաւասարդի 1-ին (օգոստոս 11/23) Հայկ նահապետը փայլուն եւ վճռական յաղթանակ տարած է Բէլի (Նեբրովթի, Մեսիլիմի) դէմ եւ հնարաւորութիւն ունեցած է կարգաւորելու իր երկրի պետական եւ քաղաքական վիճակը: Փաստօրէն, հիմնադրեր է հայկական պետականութիւնը: Մի՞թէ զարմանալի չէ, որ խօսելով Երեւանի հիմնադրման եւ Ա. Հանրապետութեան ստեղծման տարեդարձներուն մասին, լռութեան կը մատնուի այնպիսի դարակազմիկ իրադարձութիւն, ինչպիսին է հայկական պետականութեան հիմնադրումը, որ մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համաշխարհային պատմութեան համար:

Հայոց ձորի ճակատամարտին մասին հայ եւ օտարազգի պատմագիրներու տեղեկութիւնները խորհրդային ժամանակաշրջանին առասպել կը նկատուէին, կամ, լաւագոյն պարագային, կը համարուէին Ուրարտուի եւ ասուրա-բաբելական թագաւորութիւններու միջեւ պատերազմներու, հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացի արձագանգներ, իսկ հայկական պետութեան պատմութիւնը կը սկսէր Ուրարտուի անկումէն ետք:

Այս վերջին միտքը մեծ հաճոյք կը պատճառէ Անդրկովկասի արեւելքի մասը ծուարած թուրքերուն, որոնք առիթ չեն փախցներ նշելու, որ հայերը իրենց պատմութիւնը կը սկսին ՆՔ 6-րդ դարէն:

Մինչդեռ արդէն իսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ, այնուհետեւ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կասկածելի գաղափարախօսութիւններէն զերծ, սթափ մտածող գիտնականները ապացուցեցին, որ Հայաստանի պատմութիւնը չի սկսիր Ուրարտուի անկումէն ետք, այլ` շատ աւելի կանուխ ժամանակաշրջանի, եւ որ` Ուրարտու անուանումը Հայաստանի անուանումներէն մէկն է:

Հայոց ձորի ճակատամարտի տարեթիւին մասին կան տարբեր կարծիքներ. զայն կը տեղադրեն ՆՔ 3500 թուականին, ՆՔ 2650 թուականին, ՆՔ 2107 թուին եւ այլն, սակայն շատ ուսումնասիրողներ ապացուցած են, որ Հայոց ձորի ճակատամարտը տեղի ունեցած է ՆՔ 2492 թուին: Այդ ճակատամարտը փաստեց, որ ՆՔ 28-րդ դարուն արդէն իսկ սկսած է հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացի աւարտը եւ ապացոյց էր հայ ժողովրդի համախմբուածութեան, որուն միշտ կ’ակնարկուի որպէս Հայաստանին սպառնացող վտանգներու ժամանակ:

Արդ, ի՞նչը կը խանգարէ ընդունելու այդ թուականը` իբրեւ հայոց պետականութեան հիմնադրման թուական եւ նշելու զայն այս տարի: Օտարներու կարծի՞քը: Ինչո՞ւ պիտի օտարները որոշեն հայոց պատմութեան սկզբնաւորման ժամանակը եւ, ընդհանրապէս, հայոց պատմութիւնը:

Հայ ժողովուրդն է իր պատմութիւնը կերտողը, եւ հայ ժողովուրդը ինքը պիտի գնահատէ իր պատմութեան կարեւորագույն իրադարձութիւնները: Հայ ժողովուրդը պատահաբար չէ, որ կը կոչուի Հայկի անունով, եւ իր երկիրը պատահաբար չէ, որ անուանուած է Հայաստան, Հայք, այլ գիտակցեր է Հայոց ձորի ճակատամարտին նշանակութիւնը եւ Հայկ նահապետին դերը:

Կը պատկերացնէ՞ք, թէ ի՛նչ կ’ընէին հին պատմութիւն չունեցող եւ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու պատմութիւնը իւրացնելու եւ կեղծելու միջոցով պատմութիւն ստեղծող որոշ հարեւաններ, եթէ ունենային նման հնարաւորութիւն, ինչպիսին ունին հայերը: Անոնք տիեզերքով մէկ կը շեփորահարէին այդ պարագան:

Իսկ հայերը, ունենալով իրական պատմութիւն, որ արտայայտուած է հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ գրաւոր սկզբնաղբիւրներու մէջ եւ նիւթական մշակոյթի յուշարձաններով, պէտք է յարգեն իրենց պատմութիւնն ու նշեն կարեւոր իրադարձութիւնները:

Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, կոչ կ’ընեմ եւ համոզուած եմ, որ բոլոր հայերը այդ կը ցանկան, որ 2018 թուականի օգոստոս 23-ին Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդը` հայկական պետականութեան հիմնադրման 4510-ամեակին առթիւ:

Այս մէկը հրաշալի առիթ է ոչ միայն բարձրացնելու հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին, այլ նաեւ յարգանքի տուրք կ’ըլլայ ՆՔ 2492 թուականէն մինչեւ այսօր Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան համար զոհուած մարտիկներու, Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին:

«…Կը կարծեմ, որ խելացի մարդոցմէ ոչ ոք կը հակադրուի…»:

(Մովսես Խորենացի, «Պատմութիւն հայոց», Ա, Զ.):

Յարգանքով`
ՍԵԴՐԱԿ ԿՐԿԵԱՇԱՐԵԱՆ
Հայկական հանրագիտարանի
աւագ գիտական խմբագիր (1972-1992)

 

Նախորդը

Յուշատետր. Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Բ.)

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ Ազրպէյճանի «Կրօնական Հանդուրժողականութեան» Կեղծ Պատկերը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?