Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մաքասետ բարեսիրական միութեան վերաբերող հարցեր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ պէտք է դրական նպատակներ շօշափել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպում մը ծրագրելու համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուեհպէ Քաթիշա ընդգծեց շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքի պահպանումին կարեւորութիւնը` առ ի յանձնառութիւն Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն հաստատեց, որ պէտք է յանգիլ այնպիսի համաձայնութիւններու, որոնք կ՛արտօնեն կրթական համակարգի հեզասահ ընթացքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պէտք է կատարուի պաղարիւնութեամբ եւ ոչ թէ կրքոտ մօտեցումներով ու տաք գլուխներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ինքզինք ֆինանսաւորելու լիբանանեան պետութեան կարողութիւնը սկսած է կասկածելի դառնալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին լուծումներ ապահովելու Թաննուրինի, Աքուրայի եւ Եամմունէի դիմագրաւած տագնապներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Տորի Շամունի: Նիստին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ անոր յապաղումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերուն վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ դիտել տուաւ, որ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին հասցուցած համաձայնագիրը խախուտ է եւ իշխանութեան հասցուցած է ոչ թէ բարեկարգումի վարչակազմ մը, այլեւ` իշխանատիրութեան վարչակազմ մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի որդեգրած բոլոր քաղաքականութիւնները կը ձախողեցնեն ներկայ իշխանութիւնները եւ կը ջրեն անոր քաղաքական ասպարէզը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Շարլ Ժապպուր հաստատեց, որ իրենք լուռ պիտի չմնան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ արձանագրուած մագլցումներուն դիմաց, որոնք պատճառ դարձան քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ հանդարտութեան խզումին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունենան: Նշենք, որ երկու ղեկավարները իրենց ընտանիքներուն հետ կը գտնուին Ֆրանսա:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը փրկելու զոյգ փորձերը ձախողութեամբ դուրս եկած են: Ըստ նոյն օրաթերթին, առաջին փորձը կատարուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ունեցած հանդիպումներով, իսկ երկրորդը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած հանդիպումներով, «սակայն երկու փորձերն ալ ձախողած են կառավարութեան կազմութիւնը իր դիմագրաւած արգելքներէն փրկելէ», գրեց օրաթերթը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի չհրաժարի տիւրզի համայնքին արդար ներկայացուցչութենէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը կարելի պիտի չըլլայ կազմել, նախքան շրջանին մէջ իրադարձութիւններուն եւ շրջանային ընդհանուր իրավիճակին յստակացումը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն տնտեսական եւ ընկերային հրատապ թղթածրարները լուծելու:

 

Նախորդը

Փեքին Ուաշինկթընը Կ՛ամբաստանէ Տնտեսութեան Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Առեւտրական Պատերազմը Շղթայազերծելու Մէջ

Յաջորդը

Ասմար. «Տնտեսական Իրավիճակի Վատթարացման Պատճառով Մեծ Թիւով Աշխատաւորներ Անարդարօրէն Աշխատանքէ Կ՛արձակուին» Շեշտեց Պշարա Ասմար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.