Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՐԱԿՈՒԱՆԱԹ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

November 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման` Պարակուանաթի հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Պարակուանաթ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան,  երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին նոր զելանտացի դատախազին կողքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ անոր ընկերակցող դատական պատուիրակութիւնը:

Նախագահական պալատ կատարած իր այցելութենէն ետք Պարակուանաթ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` դատախազ Ռալֆ Ռիաշիի:

Հանդիպումէն ետք Պարակուանաթ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի Պարակուանաթի ներկայութեան շեշտեց, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ միջազգային բանաձեւերը, որոնց կարգին` նաեւ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող թիւ 1757 բանաձեւը յարգելու իր յանձնառութենէն:

Միքաթի կոչ ուղղեց, որ Միջազգային դատական ատեանը գործէ իր օրինական շրջագիծին մէջ` հեռու մնալով քաղաքական կողմնակալութիւններէն:

Իր կարգին, Պարակուանաթ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը հիմնականին մէջ արդարութեան բանեցումն է եւ ոճրագործներուն դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը:

Պարակուանաթ այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պարակուանաթ մաղթեց, որ Լիբանան ֆինանսաւորէ Միջազգային դատական ատեանը, որպէսզի կանխարգիլէ այդ թղթածրարին փոխանցումը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Նախորդը

ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԱԲ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.