Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Պիտի Ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներուն Հանդիպումը

July 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 28 յունիսին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման հաւանականութեան ըսած է, թէ Մոսկուա պիտի ողջունէ նման հանդիպում մը` յուսալով, որ անիկա դրական արդիւնքներ կու տայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Նման հանդիպում մը կատարելը անհրաժեշտ քայլ է` օրակարգի խնդիրները լուծելու համար», աւելցուցած է ան` դարձեալ շինիչ քայլեր առնելու կոչ ուղղելով Արցախի տագնապի կողմերուն:

«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին հետ կապուած իւրաքանչիւր խօսք` հակամարտ կողմերէն իւրաքանչիւրին համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Մենք երկու երկիրներուն հետ կ՛աշխատինք, որովհետեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը մեզի համար միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերէն մէկն է», ըսած է ան:

Յայտնենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին Պաքուի մէջ վերջերս յայտարարած էր, թէ Արցախի տագնապի լուծման գծով Պաքուի դիրքորոշումը «միշտ շինիչ եւ ճիշդ եղած է»: Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զախարովա ըսած է, թէ Արցախի տագնապին գծով Մոսկուայի աւանդական դիրքը որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած: «Եկէք դիմենք պաշտօնական տեսակէտներուն, որոնց լաւապէս ծանօթ էք», եզրակացուցած է ան:

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Եւ Ժահժահի Միջեւ Հանդիպումը Դրական Աւարտեցաւ

Յաջորդը

Զօրակցութիւն Արցախի Ականազերծման Ջանքերուն

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.