Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին համաձայն, Իսրայէլ Ուաշինկթընի միջոցով զգուշացուցած է Լիբանանը` Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան ուժերուն մօտ ընդվզում յառաջացնող հաւանական որեւէ աքթէ:
Նոյն կայքին համաձայն, Լիբանանի դէմ իսրայէլեան հարուածը շատ ցնցիչ պիտի ըլլայ:
Իսկ այլ աղբիւրներ նշեցին, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներ ֆրանսացիներուն յայտնած են, թէ Լիբանանի դէմ գործուելիք իսրայէլեան որեւէ հարուած կրնայ բռնկեցնել Կոլանի բարձունքները:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատ մը երէկ Ֆաթիմայի դարպասին սահմանամերձ շրջանը խիստ հսկողութեան ենթարկեց` ստուգելով սահմանային փշաթելերը:
ՆՇԵՆՔ, որ «Ճերուզալեմ փոսթ»-ի համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ուժերու հրամանատարներ Ճոզըֆ Տենֆորտի եւ Կատի Այզընքոթի միջեւ հանդիպումները ուղղակիօրէն կապուած էին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան:
Լիբանանեան բանակին յատուկ աղբիւրներ կտրականապէս հերքեցին «Ճերուզալեմ փոսթ»-ի հրապարակած տեղեկութիւնները` հաստատելով, որ զօր. Աունի կատարած այցելութիւնը ուղղակիօրէն կապուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւններուն:


