Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Սպանացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

June 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռոպլեսն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Եարզէի մէջ Ռոպլես ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակ բանակայիններու յուշարձանին, որմէ ետք Սարրաֆի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները:

Սարրաֆ սպանացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց տեղեկութիւններ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն մասին:

Ան կոչ ուղղեց Ռոպլեսին օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի լուծէ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը` ապահովելով անոնց անվտանգ տունդարձը:

Սարրաֆ նշեց, որ Լիբանան ամբողջ շրջանին կայունութիւնը պահպանող տարր է, եւ այդ մասին միջազգային ընտանիքը քաջատեղեակ է:

Սարրաֆ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն` հաստատելով, որ Լիբանան չի մտածեր որեւէ մէկուն դէմ յարձակում գործել, սակայն թշնամի Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան դէմ:

Սարրաֆ բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ուժերուն գործունէութիւնը` նկատել տալով, որ լիբանանցի ու սպանացի ուժերուն միջեւ մտերմութիւն գոյութիւն ունի եւ անիկա կ՛արտացոլացնէ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:

Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Պարսելոնան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնները` հաստատելով, որ Սպանիա Լիբանանի համար արիւն թափած է, եւ Լիբանան այդ զոհողութիւնները երբեք չի մոռնար:

Իր կարգին, Ռոպլես մեծապէս գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Սպանիոյ կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց Սարրաֆին:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեամբ Աճապարուած Չենք Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Այդ Հոլովոյթին Համար Յստակ Չափանիշ Ճշդելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսուա Ասսէլինէոն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.