Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ. «Երկրին Տնտեսական Վատ Կացութիւնը Կրնայ Վտանգաւոր Դառնալ, Եթէ Լիբանանեան Պետութիւնը Չմիջամտէ» Շեշտեց Մուսաուի

Յունիս 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

Պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի նիստէն ետք յայտնեց, որ պլոքը անհրաժեշտ նկատած է այս փուլին ազգային միասնականութեան եւ գործակցութեան ամրապնդումը` դէմ դնելու համար լիբանանցի քաղաքացիները ճնշող տագնապներուն, ըլլան անոնք ապահովական թէ տնտեսական:

Մուսաուի շեշտեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն թէ կառավարութեան մէջ համախոհութեան պահպանումը կարեւոր է` դէմ դնելու համար արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ հակակշռելու համար երկրին ընկերային կայունութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը ամրապնդող քաղաքականութիւնը:

Ան նշեց, որ նորընտիր խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը յաւելեալ կարողութիւններ պիտի ունենայ ներկայ փուլին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Մուսաուի մաղթեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները յաջողութեամբ պսակուին` յարգելով լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը եւ կեդրոնանալով յանցագործներու ձերբակալութեան վրայ:

«Միւս կողմէ, երկրին տնտեսական վատ կացութիւնը կրնայ վտանգաւոր դառնալ, եթէ լիբանանեան պետութիւնը չմիջամտէ այդ տագնապին լուծման` մշակելով յստակ ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կարելի է բաժնել փուլերու», ըսաւ Մուսաուի:

Ան դիտել տուաւ, որ նոր կառավարութեան հիմնական երեք նուաճումները պէտք է ըլլան` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի իրականացումը, տնտեսական կացութեան բարելաւումն ու փտածութեան դէմ պայքարը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Մոնտիալ 2018»-ի Զոհ Մը

Յաջորդը

Հարիւրաւոր Սուրիացի Տեղահանուածներ Երէկ Արսալէն Փոխադրուեցան Քալամունի Իրենց Բնակարանները

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?