Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արսալի մէջ սկսաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովող աշխատանք մը, որուն շրջագիծին մէջ շուրջ 400 սուրիացիներ Արսալէն անցան Ուատի Հմայտ եւ ապա Զամարանիի անցքով ուղղուեցան Քալամունի իրենց բնակարանները:
Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կամովին կը կատարուի եւ ոչ թէ բռնի ուժով:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածները հերթաբար պիտի վերադառնան իրենց երկիրը` աւելցնելով, որ իրենք կը գործակցին տեղահանուածներու միջազգային գերատեսչութեան հետ եւ զայն տեղեակ պահած են` ստանձնելու համար իր պատասխանատուութիւնները:
Միւս կողմէ, սուրիական ՍԱՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութիւնները բոլոր դասաւորումները կատարած են` հիւրընկալելու համար Լիբանանէն եկող իրենց քաղաքացիները:
Ըստ ՍԱՆԱ-ի, 380 սուրիացի տեղահանուածներ իրենց անձնական ինքնաշարժներով պիտի վերադառնային Քալամուն:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` դիւրացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:
Ան նկատել տուաւ, որ սուրիական պետութիւնը ներում շնորհած է զէնք կրողներուն, եւ բոլորը առիթ ունին վերադառնալու իրենց երկիրը:
Ալի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Սուրիոյ հետ պէտք է համադրէ աշխատանքը` տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը ըստ արժանւոյն լուծելու համար: