Քրեմլին յայտնեց, որ ամերիկեան-ռուսական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16 յուլիսին` Հելսինքիի մէջ:
Նախանցեալ օր Քրեմլին արդէն իսկ յայտարարած էր, թէ ճշդուած է հանդիպման վայրը եւ թուականը` Ճոն Պոլթընի Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ նշած էր, որ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Հելսինքիի մէջ, ՕԹԱՆ-ի հաւանական ժողովէն ետք:



