Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Ուաշինկթընը մեղադրեց իր ժողովուրդի տնտեսական խնդիրներուն խորացման համար, մինչդեռ իսլամական հանրապետութեան օրէնսդիրներու երկու երրորդը Ռուհանիէն կը պահանջէ փոխել իր տնտեսական կառավարման անձնակազմը:
Իրանի նախագահի պատկերասփռուած ելոյթը յաջորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի այն խօսքերուն, որոնցմով ան կը մեղադրէր Իրանի կառավարութիւնը երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն համար` պնդելով, որ իշխանութիւնները «արկածախնդրութեամբ» կը զբաղին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Իր կարգին, Հասան Ռուհանի ժողովուրդին յորդորեց միասնական ըլլալ եւ «ծունկի բերել Ամերիկան»: «Մենք պիտի լուծենք խնդիրները: Բայց մենք պիտի չզոհաբերենք մեր անկախութիւնը», յայտարարեց Իրանի նախագահը:
Նշենք, որ նախորդ օրերուն Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենային բողոքի ցոյցեր` ազգային դրամանիշի կտրուկ անկման հետ կապուած մտահոգութիւններուն պատճառով:



