Միացեալ Նահանգներ պէտք է նոր մակարդակի հասցնեն իրենց դերակատարութիւնը Արքթիքայի մէջ, որ օրըստօրէ աւելի կարեւոր շրջան կը դառնայ, քանի որ համաշխարհային ջերմացումը նոր ծովային ուղիներ պիտի բանայ, ինչ որ աւելի հասանելի պիտի դարձնէ ուժանիւթի աղբիւրները, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս:
Արքթիքա, որուն տարբեր հատուածները ընդգրկուած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ շարք մը այլ երկիրներու տարածքներուն մէջ, որոշ գնահատականներով աւելի շատ քարիւղի եւ կազային պաշարներ ունի, քան Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսիան, եւ Մոսկուա այնտեղ ուժանիւթի ծրագիրներ կը ծաւալէ:
1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ռուսիա կտրուկ կերպով ընդլայնեց իր զինուորական ներկայութիւնը եւ կարելիութիւնները Արքթիքայի մէջ:



