Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որուն շնորհաւորած է ընտրութիւններուն առիթով: Ան նշած է, որ Յորդանան կը ձգտի ամրապնդել յարաբերութիւնները եւ ընդլայնել տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան հորիզոնները երկու եղբայր երկիրներուն միջեւ, ինչ որ կը ծառայէ անոնց միացեալ շահերուն եւ իսլամներու դատերուն:



