Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց 24 յունիսին նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին տուած գնահատականին վերաբերեալ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի հաշուետուութեան մէջ ներառուած են տուեալներ, որոնք կը հակասեն ընտրական հոլովոյթներուն անկախ եւ առարկայական դիտարկում կայացնելու սկզբունքներուն»:
Անգարա կը պնդէ, որ դիտորդական առաքելութիւնը ամփոփած է չստուգուած տեղեկութիւններ, որոնց նպատակն է կողմնակալ եւ բացասական գնահատական տալ Թուրքիոյ մէջ ընտրական հոլովոյթին:
«Այդ գործելակերպը շարք մը հարցեր կը յառաջացնէ», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Աւելի կանուխ ԵԱՀԿ-ի դիտորդները յայտարարած էին, որ Թուրքիոյ ընտրողները ունէին իրական այլընտրանք, սակայն նախընտրական արշաւը վարելու պայմանները հաւասար չէին, քանի որ նախագահ Էրտողան եւ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը արշաւի լուսաբանման առումով ունէին չափազանց մեծ առաւելութիւն:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներուն, Թուրքիոյ պետական մամուլը եւ պետութեան հետ առնչութիւն ունեցող մասնաւոր լրատուամիջոցներ բարենպաստ դիրքերէ լուսաբանած էին Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան քարոզարշաւը:
ԵԱՀԿ-ն նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ գործող արտակարգ դրութիւնը սահմանափակած է հաւաքներու եւ խօսքի ազատութիւնը:



