Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը շնորհաւորեց նախագահ վերընտրուելուն առիթով:
Թրամփ եւ Էրտողան շեշտեցին իրենց վճռականութիւնը ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, նախ եւ առաջ` զինուորական գետնի վրայ: Անոնք նաեւ քննարկեցին եւ շեշտեցին Սուրիոյ տագնապին լուծման համար միացեալ ճամբու քարտէսի մը կարեւորութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:



