Իրաքի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի հիմնական ղեկավար մը եւ անոր 5 ընկերակիցները` Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Շարքաթի շրջանին մէջ, նշելով, որ ապահովական ուժերը իւրայատուկ գործողութեամբ եւ ըստ գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններուն, սպաննած են պայթումներ եւ առեւանգումներ ծրագրող, հսկողութեան կեղծ պատրանքներ ստեղծող ահաբեկիչ Ապու Սալամ Իրաքին եւ անոր 5 ընկերակիցները:


