Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կավըն Ուիլիամսըն սպառնաց հաւանական պաշտօնազրկման ենթարկել վարչապետ Թերեզա Մէյը, եթէ ան յաւելեալ ֆինանսաւորում չապահովէ իր նախարարութեան:
«Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը գրած է, որ նախարարը Թերեզա Մէյէն պահանջած է աւելցնել պաշտպանութեան նախարարութեան ֆինանսաւորումը 20 միլիառ սթերլինկով` յաջորդ 10 տարիներուն ընթացքին:
Նախարարը զգուշացուց, որ վարչապետը չի կատարեր ատիկա, քանի որ պահպանողականները խորհրդարանին մէջ դէմ պիտի քուէարկեն պիւտճէի ծրագիրին, որ Մէյի կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ, եթէ պահանջուած յաւելումը չկատարուի: Ասիկա կը նշանակէ, որ խորհրդարանը իր անվստահութիւնը պիտի յայտնէ կառավարութեան նկատմամբ:
Նախապէս Ուիլիամսըն կոչ ուղղած էր աւելցնելու ֆինանսաւորումը` արդիականացնելու համար բրիտանական ծովային ուժերը, պնդելով, որ կայ անհրաժեշտութիւնը ամրապնդելու նաւատորմը` Ռուսիոյ կողմէ «թշնամական գործողութիւններու» առկայութեան պատճառով:



