Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԸ նախատեսուի, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Փարակուանթ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր այցելէ Լիբանան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն նորահաս սերունդները դաստիարակելու Լիբանանին նուիրուելու եւ անոր հաւատարիմ մնալու շունչով:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Պելճիքայի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ պէտք է արգիլել ներլիբանանեան հրապարակներ թափանցող սադրանքներն ու համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւն հրահրող փորձերը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Պէյրութ կը գտնուի Հըզպալլայի իշխանութեան տակ` աւելցնելով, որ Թրիփոլի այն քաղաքներէն է, որ լաւապէս կ՛ենթարկուի օրէնքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի կեցուածքը կը համապատասխանէ Թաէֆի համաձայնագիրին: Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել երկխօսութեամբ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին մէջ Լիբանանի հետ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող եկեղեցիները անհրաժեշտ եւ յաջող օրինակներ են` արդի աշխարհին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա վերահաստատեց սուտ վկաներու թղթածրարը կառավարութեան կողմէ վերստին քննարկելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ հաղորդակցութեան մարզին դիմագրաւած հարցերը շատ են` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` մշակելու համար ծրագիր մը, որպէսզի կտրականապէս վերջ դնեն այդ հարցերուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը փափաքին ֆինանսաւորել Միջազգային դատական ատեանը, ապա անոնք կրնան գտնել այդ ատեանը ֆինանսաւորելու ելքը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր որոշումը տուած է յարմարագոյն ատենին իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու իմաստով կառավարութիւնը իր որոշումը պիտի տայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ ընդգծեց, որ եթէ սուրիական վարչակարգը տապալի, ապա ամբողջ շրջանը քաղաքացիական պատերազմներ պիտի վկայէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

«ՅԻՇԵՑԷՔ ԽՕՍՔԵՐՍ` ՌՈՒՍԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԹԱՆ-Ի ԱՆԴԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ

Յաջորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՇԵԼ ԹԱՄԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։