Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԵՐ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔ ՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

November 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թուրքեր փոխադրող փոխադրակառք մը Սուրիոյ մէջ զինեալ յարձակումի ենթարկուած է եւ, ըստ նախնական տուեալներուն, յարձակումը տեղի ունեցած է Հոմսի մօտ:

Թրքական լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ յարձակումին պատճառով երկու թուրք քաղաքացիներ վիրաւորուած են, սակայն յարձակումին մանրամասնութիւններուն շուրջ հակասական տեղեկութիւններ հաղորդեցին: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ երեք փոխադրակառքերէ բաղկացած կարաւանը, որ Մեքքէ ուխտագնացութենէ վերադարձող թուրքեր կը փոխադրէր, ըստ երեւոյթին ճամբան կորսնցնելով Հոմս քաղաքին մօտ սխալ ուղիով ընթացած է, ուր սուրիացի զինուորներ կանգնեցուցած են զայն, ապա անոր վրայ կրակ բացած: Վիրաւորներէն մէկը` Ճեմիլ Քարլը, որ Անտիոքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը դարմանուէր, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողին յայտնած է, որ իրենց փոխադրակառքին վրայ կրակ բացուած է չորս անձեր փոխադրող ինքնաշարժէ մը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուց, որ «իշխանութեան վրայ անոր օրերը այլեւս համրուած են եւ չի կրնար զինուորական ուժի միջոցով անվերջ իշխանութեան վրայ մնալ»:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին իր խօսքը Ասատին ուղղելով ըսաւ, որ «հրասայլերով եւ հրետանիով միայն որոշ ատեն իշխանութեան վրայ կրնաս մնալ, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ դո՛ւն եւս պիտի հեռանաս»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Արեւմուտքը ամբաստանեց սուրիական տագնապին մէջ «շանթաժի» ընթացք որդեգրելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ այս հարցով Արեւմուտքի վարուելակերպը «միջազգային մակարդակով քաղաքական շանթաժի կը նմանի»` աւելցնելով, որ «մինչ Արաբական լիկան կոչ կ՛ուղղէր Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցման, արեւմտեան մայրաքաղաքներ ընդդիմութեան կը յուշէին Ասատի հետ երկխօսութիւն չկատարել»:

Լաւրով նշեց, որ «Ռուսիա վստահ է, որ սուրիական ընդդիմութեան արտաքին զօրակցութիւնը շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծէ»` զգուշացնելով, որ «ասիկա անպայման Միջին Արեւելքի մերձակայ երկիրներուն խմբաւորումներուն մօտ փորձութիւններ կը ստեղծէ` փորձելով այս կացութիւնը շահագործել»:

Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ շաբաթ օր իրենց արտակարգ ժողովին ընթացքին Սուրիոյ` կազմակերպութեան ժողովներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու հարցը պիտի քննարկեն: Աղբիւրները նշեցին, որ իսլամական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախագահ Ասատին կոչ պիտի ուղղեն`  սպանութիւնը եւ փողոցներու մէջ զինեալ երեւոյթները դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի որոշումներուն զօրակցելու:

 

 

 

Նախորդը

ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Յաջորդը

«ՅԻՇԵՑԷՔ ԽՕՍՔԵՐՍ` ՌՈՒՍԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԹԱՆ-Ի ԱՆԴԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։