Պուլկարիոյ խորհրդարանը 13 յունիսին վաւերացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան դեսպանատունէն:
«Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ նախագահող Պուլկարիոյ Հանրապետութիւնը դարձած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն առաջիններէն մէկը, որ վաւերացուցած է այս համաձայնագիրը:
«Մենք կ՛ակնկալենք շարունակել աշխատիլ մեր հայ գործընկերներուն հետ` ատոր իրականացման համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը ստորագրուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ: Համաձայնագիրը վաւերացուած է Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ կողմէ: 11 ապրիլին անիկա միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստանի Ազգային ժողովը:
7 յունիսին համաձայնագիրը վաւերացուցած էր նաեւ Լեհաստանի Սէյմը:



