Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան. «Յաճախ Լռել Կը Խրատեն, Բայց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Մեր Լռելուն Պատճառով»

June 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան, «Ակօս» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Տիգրանակերտէն իբրեւ երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուելուն մասին, ըսաւ. «Ես մալաթիացի՛ եմ: Մեծցած եմ Մալաթիայէն յամեցող յիշատակներով: Զաւակն եմ ընտանիքի մը, որ չէ կրցած մնալ Մալաթիա ու ստիպուած հեռացած եւ գաղթած է Պոլիս: Հայեր, յոյներ, թէեւ մեծ մասամբ կը բնակին Պոլիս, սակայն մենք ունինք նաեւ Անատոլուին պատկանող անցեալ մը, որ կը կորսնցնենք: Նպատակս է դարձեա՛լ յիշել ու յիշեցնել այս պատմութիւնը»:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ հայերը, որոնք սկսած էին որոշ չափով ազատ արտայայտուելու իրենց ինքնութեան մասին, յատկապէս` Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, այսօր կրկին կ՛ապրին դէպի լռութիւն տանող վախի մթնոլորտի մէջ:

«Իշխանութեան ստեղծած վախի մթնոլորտէն ամէնէն շատը փոքրամասնութիւններն են, որոնք կը տուժեն: Հայ համայնքը եւս սկսած է երթալու դէպի լռակեացութիւն, անցեալի խոր ցնցումներուն պատճառով: Մեր երիտասարդները սկսած են մտածելու, թէ այս երկրին մէջ հաւանաբար ապագայ չունին: Այս ամէնը կանխելու միակ ճամբան` ժողովրդավարացո՛ւմն է, ինչ որ ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ ամբողջ հասարակութեան խնդիրն է: Եթէ այդ հարցին մէջ յաջողինք, հայերը կրկին կրնան երազներ կառուցել դարձեալ այս հողերուն վրայ ապրելու մասին», ըսաւ Փայլան:

Ան նաեւ յայտնեց այն համոզումը, որ լռելը, գոնէ այս պարագային` ո՛չ կրնայ լուծել առկայ խնդիրները, ո՛չ ալ կրնայ ապահովութեան երաշխիքներ տալ հայերուն: «Ինծի յաճախ կ՛ըսեն. «Շատ ձայն մի՛ հաներ, գլխուդ բան մը կու գայ»: Իսկ ես կ՛ըսեմ, որ լռելը ապահով ըլլալ չի՛ նշանակեր: Երանի իմ լռելովս բոլոր հարցերը լուծուէին: Մինչդեռ իրականութիւնը ընդհակառա՛կն է. եթէ անարդարութեան զոհ կը դառնանք, ապա ձայն հանելը ամէնէն ապահով միջոցն է դարմանելու վիճակը: Որքա՛ն ալ ուզէք լռել, փակուիլ ձեր տուներուն մէջ, սադրանքը պիտի՛ ըլլայ: 1915-ին, 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին, այս բոլորը մեր գլխուն եկան մեր լռելո՛ւն պատճառով եւ որովհետեւ մենք հայ էինք, յոյն էինք: Եթէ դուք իրաւացի կողմ էք, պէտք է լսելի դարձնէք ձեր ձայնը: Ես պիտի շարունակեմ ատիկա ընել», աւելցուց հայազգի երեսփոխանը:

Խօսելով պատրիարքական ու համայնքային ընտրութիւններուն մասին, որոնք տարիներէ ի վեր կը ձգձգուին եւ չեն կատարուիր, Կարօ Փայլան ըսաւ հետեւեալը. «Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ զրուցեցինք երեք ամիս առաջ: Ըսի, թէ չէք արտօներ, որ սակաւաթիւ փոքրամասնութիւն մը ընտրէ իր պատրիարքը: Այս պարագան կ՛ունենայ իր հետեւանքները: Ձեզի համար աւելի՛ օգտակար է հայ հաւաքականութիւն մը, որ իր պատրիարքը ընտրած է եւ զօրաւո՞ր, թէ՞ հաւաքականութիւն մը, որ չէ ընտրած իր առաջնորդը: Եըլտըրըմ անշուշտ նախընտրեց հաւաքականութիւնը, որ ընտրած է իր պատրիարքը: Անմիջապէս ետք, սակայն, ի գործ կը դրուի ապակեայ առաստաղը»:

Նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ պատահած հետաքրքրական դէպքերու մասին պատմելով` Փայլան ըսաւ, թէ ուզած է երթալ եւ տեսնել Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ պաշարման վիճակի մէջ է: «Ուզեցի այցելել, տեսնե՛լ եկեղեցին: Տիգրանակերտի կուսակալը անպատասխան կը ձգէ հեռաձայնային զանգերս: Նշանակեալ պաշտօնեայ մը յարգանք պէտք է ցուցաբերէ ընտրեալ երեսփոխանին նկատմամբ: Տիգրանակերտի մեր հոգեւոր կեդրոնը վնասուած չէ տագնապի պատճառով, այլ` տագնապէն ետք: Եկեղեցին հսկողութեան տակ պէտք է առնուի: Սուրի մէջ շինարարական մեքենաներ կը քանդեն ամէն ինչ: Պէտք է դադրի անյարգալից այս վերաբերմունքը: Պեթոնէ շէնքեր կը կառուցեն եւ վրան քարեր կը փակցնեն, յետոյ կ՛ըսեն, թէ կը կառուցեն: Պատմական տուներ ո՛չ թէ կը կառուցուին, այլ կը վերանորոգուին: Պեթոնէ մտայնութիւնը կը կործանէ երկիրը: Տեսայ, որ Սուրի տուները նկուղային յարկեր չունին, սակայն մեքենան նախ շէնքը կը քանդէ, ապա գիշերը կը վերադառնայ ու դարձեա՛լ կը փորէ: Մետաղ բացայայտող յատուկ գործիքով ոսկի կը փնտռեն: Անհրաժեշտ է իշխանութիւն մը, որ կը յարգէ անցեալն ու ապագան: Անատոլուի չորս ծագերուն կան եկեղեցիներու, աղբիւրներու մնացորդներ: Զանոնք վերստին կերտելու համար ունինք վերջին առիթ մը: 20 տարի անց ալ անկարելի՛ պիտի ըլլայ ատիկա», յայտնեց Փայլան:

 

Նախորդը

Թարխանեան Քոնկրեսի Նախնական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Միջազգային Ֆալքոն Շարժում Կազմակերպութեան Միջազգային Համագումարին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.