13 յունիսին հաղորդուած նախնական տուեալներով` Նեւատայի քոնկրեսական երրորդ ընտրատարածքին մէջ Ներկայացուցիչներու տան անդամակցութեան ընտրապայքարին մասնակցող եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Տենի Թարխանեան (հանրապետական) յաղթանակ ապահոված է նահանգային նախնական ընտրութիւններուն, իսկ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեանց ընթացքին պիտի մրցի դեմոկրատական իր մրցակիցին` Սիւզի Լիի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած, սակայն, անսալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչին` իր որոշումը փոխած եւ նախագահին աջակցութիւնը ապահոված Թարխանեան, իրեն դէմ ունէր 8 հանրապետական մրցակիցներ:
Յիշեցնենք, որ 2016-ին, նոյն այս ընտրատարածքին մէջ Թարխանեան նախնական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էր` դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն, սակայն նոյեմբերի ընտրութիւններուն, քուէներու մօտաւորապէս 1 տոկոսի տարբերութեամբ տեղի տուած էր դեմոկրատական թեկնածուին դիմաց:
Յաջողակ գործարար եւ պասքեթպոլի հանրայայտ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի զաւակը` Տենին, կը պաշտպանէ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր: