Ազրպէյճանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով երեքշաբթի օր կայացած խորհրդարանի արտակարգ լիագումար նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան իրաւունք ունի զինուորական ճամբով ազատագրելու «իր տարածքները»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք խաղաղասէր պետութիւն ենք եւ կը մերժենք պատերազմը` իբրեւ այլ երկիրներու տարածքները գրաւելու միջոց: Լեռնային Ղարաբաղը եւ ատոր յարակից տարածքները շրջափակուած եղած են Հայաստանի կողմէ: Եթէ հայերը չհեռանան մեր տարածքէն, Ազրպէյճան իրաւունք ունի զինուորական ճամբով ազատագրելու շրջափակուած հողերը», ըսած է Ասքերով:
Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան այդ «իրաւունքը ունի ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եւ իր օրէնսդրութեան հիման վրայ»:



