«Սասնայ ծռեր»-ու գործով ամբաստանեալ Տիգրան Սարգսեանը երէկ ազատ արձակուեցաւ:
Երեւանի քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ ընթացող դատական նիստի ընթացքին փաստաբան Մուշեղ Շուշանեան միջնորդութիւն ներկայացուց իր պաշտպանեալ Տիգրան Սարգսեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ: Դատարանը որոշեց` Սարգսեանի կալանքը փոխարինել ստորագրութիւն չհեռանալու մասին խափանման միջոցով: