ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 13 յունիսին պիտի այցելեն Երեւան: Այդ մասին երէկ հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 15 մայիսին Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ յայտարարութիւն տարածած էին, ուր նշուած էր, որ կ՛ակնկալեն Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ հանդիպիլ յունիսին:
Յիշեցնենք, որ վերջին անգամ համանախագահները շրջան այցելած են փետրուարին: