ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Կասիկ Խաչերեան եւ զաւակները` Արին, Հայկ եւ Սանան
Օրիորդ Մակի Խաչերեան
Տէր եւ տիկին Գրիգորիս եւ Գեղան Պողարեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Անի Տարագճեան եւ դուստրը` Կարին (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սամ եւ Հելեն Խայեաթ եւ զաւակը` Կարէն
Տէր եւ տիկին Եուսեֆ եւ Շողիկ Նուր եւ զաւակները` Քամալ եւ Նատիմ
Տէր եւ տիկին Նորայր եւ Էլիզապեթ Պողարեան եւ դուստրերը` Վանա եւ Լենա (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Մաթիու եւ Լորի Հարեր (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Ռուբինա Եսայեան
Տիկին Սիրուն Իսկենտերեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Խաչերեան եւ Պողարեան ընտանիքներ
Տարագճեան եւ Խայեաթ ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Սարեան ընտանիքներ
Իսկենտերեան եւ Շեհիրեան ընտանիքներ
Չագրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԻԼՎԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 2 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին եւ գերեզմանատան մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 3 յունիսին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երկուշաբթի, 4 յունիսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արա եւ Միրիանա Թորգոմեան եւ դուստրերը` Դալար եւ Թրէյսի
Տէր եւ տիկին Համբիկ եւ Անի Գունտաքճեան
Տիկին Հերմին Պուտաքեան եւ ընտանիք
Տիկին Վարդուկ Ճէրճէրեան եւ ընտանիք
Տիկին Անի (Միհրան) Պալըգճեան եւ ընտանիք
Թորգոմեան եւ Պալըգճեան ընտանիքներ
Գունտաքճեան եւ Ալհապըր ընտանիքներ
Պուտաքեան եւ Ճէրճէրեան ընտանիքներ
Թէքլեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Միսիրեան եւ Գոճապայեան ընտանիքներ
Միհրանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻՆԱ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ-ԹՈՐԳՈՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 3 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00` նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
2-3 յունիս 2018-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի:
Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
(Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի)
Աբեղայութեան կարգ պիտի ստանան`
– ՊԵՏՐՈՍ ՍՐԿ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
– ՄԿՐՏԻՉ ՍՐԿ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
ՇԱԲԱԹ | |
Կոչման արարողութիւն` | երեկոյեան ժամը 5:00-ին |
ԿԻՐԱԿԻ | |
Սուրբ պատարագ` | առաւօտեան ժամը 9:30-ին |
Ձեռնադրութիւն` | առաւօտեան ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | առաւօտեան ժամը 11:00-ին |
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթակից դառնալու մեր սարկաւագներուն` անոնց աստուածահաճոյ ծառայութեան քայլերուն մէջ:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՐԻԱՄ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐԱՔՍԻ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արցախի ֆոնտի կազմակերպած վիճակահանութեան շահող թիւերն եւ
A9152 եւ B9152
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տօնապետեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետ տիար Մարտիկ Պօղոսեանին, «Քալքօ Սթիլ» հաստատութեան` տիար Րաֆֆի Քալողլեանին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ֆութպոլի յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, եղբօր եւ հարազատին` ՍԱԳՕ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
—————————————
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով, եւ ելեկտրականութեամբ,
Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք,
Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:
Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ քաղաքապետարանի շէնքեր, 4-րդ յարկ, վերանորոգուած: Դիմել` հեռ. 76-360561:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐ
30 ՅՈՒՆԻՍ – 1, 7, ԵՒ 8 ՅՈՒԼԻՍ 2018
«ԻՎՈՒԱՐ» ՇՔԵՂ ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՀԸՐՇ ԹԱՊԵԹ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԱՌԻԹՈՎ ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ