Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները

October 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Յիշատակ մը ունիմ Արցախէն:

Մտքիս մէջի բուժուիլ չուզող միակ վէրքն է: Վերջին քանի մը տարիներուն այս վէրքը ընկերս դարձած է:

Տարիները զինք չմոռցուցին կամ անոր ցաւը չթեթեւցուցին: Ընդհակառակը, ան տակաւին նստած է մտքիս անկիւններէն մէկուն մէջ, կամաց կամաց ինքզինք աւելի կը խորացնէ:

Իր շուրջ դարձող հարցումները կը շատնան, եւ անոնց բոյժ պատասխանները հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց զօրութիւնը: Ատենը անգամ մը վէրքիս կ՛այցելեմ, զինք կը մխիթարեմ, կը դեղեմ, կը շոյեմ: Բայց ինք տակաւին կը ցաւի:

Անցեալները սպիացած կարծած վէրքս ետ բացուեցաւ, երբ խօսակցութեան մը ընթացքին ընկերուհիս հարցուց.

– Արցախի մէջ ո՞ւր էր ամէնէն սիրած վայրդ:

Եւ ահա՛ սուր դանակը… յիշատակիս խորտուբորտ մաշկը պատռեց:

Փորձեցի խոցիս ազդեցութիւնը յայտնի չընել, մատս վրան դրի եւ ցաւէս շունչս բռնեցի: Աչքերս երկվայրկեան մը թրջեցան, արագ մը ետ ինքզինքս հաւաքեցի:

Վայրկեան մը մտածելէ ետք որոշեցի անկեղծօրէն պատասխանել: Ամէնէն սիրած տեղս իրականութեան մէջ տեղ մը չէր, այլ` պահ մը, ակնթարթ մը, որ իր բնականութեամբ եւ անմեղութեամբ Արցախը կը խորհրդանշէ: Մտքերուս մէջ երբ կորսուիմ, դանդաղ եւ հին շարժանկարի պէս կրնամ անընդհատ դիտել ու դիտել եւ ամէն անգամ նոր մանրամասնութեան մը կ՛անդրադառնամ:

Ստեփանակերտի ճաշարաններէն մէկուն մէջ բաւական ճոխ երեք-չորս ժամ անցընելէ ետք պանդոկս վերադարձայ: Վիճակս` անքուն, բայց` թեթեւ ու երջանիկ: Օգոստոսի զով գիշեր մըն էր, որոշեցի սենեակիս պատշգամը ելլել: Ժամը, Աստուած գիտէ, քանին էր: Պանդոկին դիմացի հանրային պարտէզին մէջ քանի մը փոքրեր տակաւին ոտնագնդակ կը խաղային լուսամփոփի մը տկար լոյսին տակ: Իրենք տուն վերադառնալու ցանկութիւն չունէին, ո՛չ ալ ես:

Իրենց տրամադրութեան տակ կար պատռտուած, մաշած գնդակ մը, երկու «կոլ» (բերդ) դարձած նստարան, եւ… անմեղ մանկութիւն:

Երբ ակամայ այդ գիշերը յիշեմ, առաջինը տղաքը չեն, որ միտքս կու գան, այլ պատշգամին մետաղին պաղութիւնը թեւիս տակ, շունչիս մէջի թութի օղիին հետքը եւ փչող հովը, որ այտս կը համբուրէ, սիրահարի մը պէս մազերս իրար կ՛անցընէ: Աչքերս արտասուալից` հովէն, դիմացս փռուած տեսարանէն, եւ… վստահաբար քիչ մըն ալ օղիին ազդեցութենէն:

Այդ յիշատակն է, որ տարիներ անց ալ կը շարունակէ մտատանջութեանս ճամբով վերադառնալ եւ ամէն անգամ նոյն սուր հարցումներով սիրտս կը ծակծկէ:

Ո՞վ էին այդ տղաքը:
Ո՞ւր են հիմա:
Զինուո՞ր գացին:
Տո՞ւն վերադարձան:

Եւ վերջապէս, սփիւռքեան փորձառութիւնս եւ աշխարհը հայու մը աչքով դիտելու սովորութիւնս մատնող հարցումը. «Ո՞ւր է հիմա այդ տունը»:

Պէտք է սորվիմ մեծ մասամբ հարցումներուս չպատասխանել` քաջ գիտնալով, որ արցախահայն ու սփիւռքահայը կը բաժնեկցին նոյն ցաւը` անտունութիւնը: Իբրեւ սփիւռքահայեր` սորված ենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է տուն մը, հայրենիք մը պահել`  առանց հոն ապրելու: Այսօր արցախահայն ալ, դարձած` «սփիւռք», կը գտնուի նոյն կացութեան մէջ:

Շատ մը մտաւորականներ համոզուած են, որ սփիւռքը, իր բնոյթով, յաւերժական վիճակ մը չէ: Անիկա վերջ ի վերջոյ կա՛մ պիտի ձուլուի զինք ընդունած միջավայրին մէջ, կա՛մ պիտի վերադառնայ այն հայրենիքին, ուրկէ ծնունդ առած է իր յիշողութիւնը: Եթէ հայրենիքը սենեակ մըն է, ապա սփիւռքը կ՛ապրի դրան սեմին:

Ո՛չ ամբողջովին ներս, ո՛չ ամբողջովին դուրս: Տեսականօրէն մարդ չի կրնար յաւիտեան դրան սեմին բնակիլ:

Ես այդ սեմէն անդին չեմ ապրած, մաքուր օդ չեմ շնչած` բացի այն հազուադէպ պահերէն, երբ ազատ Արցախը ափերուս, աչքերուս եւ թոքերուս մէջ էր:

Վերջին շաբաթներուն յաճախ կը դիտեմ հեռաձայնիս մէջ պահուած Արցախի նկարները եւ կը փորձեմ ապրումներուս իմաստ տալ, վէրքս բուժել: Վարպետ բժիշկ չեմ, կ՛երեւի: Հիմա ճակատագիրի անարդարութիւնն ու ապագայի անորոշութիւնն են, որ շուրջի օդս կ՛ապականեն եւ աչքերս կը թրջեն:

Տղաքը չեմ նկարած: Ինչպէս իրենք, ե՛ս ալ այդ պահը վայելեցի:

Կեցած եմ դրան սեմին, հայեացքս նետած անցեալի սենեակին: Երբեմն կ՛երեւակայեմ, որ նստարանները տակաւին «կոլ» են, քրտնած տղաքը դեռ կը խաղան, եւ իրենց մանկական խնդուքը ականջիս մէջէն կը սահի ներսս եւ սիրտս կը խոցէ:

Հոն, երեւակայութիւնս, մաշած գնդակին պէս, կը ձգեմ, որ հեռու երթայ եւ գլորի…

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

October 7, 2026
Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.