Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուրհան Արք. Մանուկեանին Յղած Նամակին Մէջ. «Հարցը Չէ Մերժուած. Իսրայէլի Քնեսէթը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կը Գրէ Քնեսեթի Նախագահը

June 1, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի Քնեսեթը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` ո՛չ թէ քաղաքական կամ դիւանագիտական շահերէ մեկնելով, այլ քանի որ ատիկա ճիշդ եւ բարոյական քայլ է: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին նշած է Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտըլշթայն` Երուսաղէմի հայ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին ուղղուած նամակին մէջ, որ իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը այս շաբաթ ընդհանրապէս նախատեսուած չէր ընդգրկելու Քնեսեթի օրակարգին վրայ, հետեւաբար հարցը երբեք չէ «մերժուած»: Աւելի՛ն, նշեմ, որ ես չեմ խոչընդոտած հարցի (օրակարգի վրայ) ընդգրկման` ո՛չ իմ գործողութեամբս, ո՛չ ալ ակնարկովս: Չեմ հրաժարիր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըսած իմ որեւէ խօսքէս: Այսօր եւս ես հաւատարիմ եմ հարցին նկատմամբ իմ կեցուածքիս, զոր ապացուցած եմ անցնող տարիներուն շարունակաբար, եւ իմ կեցուածքս է, որ Իսրայէլի Քնեսեթը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ ատիկա ճիշդ եւ բարոյական քայլ է եւ ո՛չ թէ ճանչնայ զայն քաղաքական կամ դիւանագիտական շահերէ մեկնելով: Ես կը խնդրեմ Ձերդ Ամենապատուութենէն` հանգստացնելու Ձեր միտքը: Այն պահուն, երբ համոզուինք, որ պատմական այս ճանաչման համար Քնեսեթի մէջ կայ մեծամասնութիւն, (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման) հարցը պիտի ընդգրկենք լիագումար նիստի օրակարգին վրայ», ըսուած է նամակին մէջ:

Եուլի Էտըլշթայն նշած է, որ այդ նպատակին համար ինք իր կարողութեան սահմաններուն մէջ պէտք է  ընէ ամէն ինչ: Ան յոյս ունի, որ իր ջանքերը պիտի տան դրական արդիւնք:

«Մեր յաղթանակով նաեւ մեր հայ բարեկամները պիտի յաղթեն: Ես չեմ վախնար երկար ճանապարհէն», ըսած է Եուլի Էտըլշթայն:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան նամակ գրած էր Քնեսեթի խօսնակ Եուլի էտըլշթայնին եւ իր հիասթափութիւնը յայտնած առ այն, որ վերջինս Քնեսեթի օրակարգէն հանած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծի քուէարկութեան հարցը 28 մայիսի դրութեամբ ընդգրկուած չէր Իսրայէլի խորհրդարանի օրակարգին վրայ: Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նախագիծի քուէարկութիւնը Քնեսեթի երեսփոխան Թամար Զանկպերկի առաջարկով կը նախատեսուէր կազմակերպել 30 մայիսին: Զանկպերկ իր կարգին Էտելշթայնը մեղադրած է քաղաքականութիւնը բարոյականութենէն վեր դասելու մէջ: Ան նշած է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քնեսեթի կողմէ ճիշդ քայլ պիտի ըլլայ, սակայն ոմանք քաղաքականութիւնը աւելի կը գերադասեն:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան Դասերը, 1918-1920 Թուականներուն» Խորագիրով Գիտաժողով

Յաջորդը

Պոլսոյ Դատախազութիւն. «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը Յանցանք Չէ»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.