Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնեսեթ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Պիտի Քննարկէ 30 Մայիսին

May 25, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քնեսեթը երէկ «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Թամար Զանտպերկի ներկայացուցած բանաձեւը որդեգրած է եւ այժմ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի քննարկէ չորեքշաբթի, 30 մայիսին:

«Ասիկա մեր բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւնն է», ըսած է Զանտպերկ` աւելցնելով. «Կարգ մը հարցեր քաղաքականութենէն վեր են»:

16 թեր եւ 0 դէմ քուէներով որդեգրուած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէր Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Քնեսեթի լիագումար նիստի ընթացքին քննարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Զանտպերկ կը ձգտէր, որ հարցը քննարկուի 29 մայիսին: 2015-ին Քնեսեթը որդեգրած էր բանաձեւ մը, որուն հիմամբ Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբը ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն Զանտպերկի բանաձեւը տարբեր է, որովհետեւ կոչ կ՛ուղղէ, որ հարցը քննարկուի եւ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարուի լիագումար նիստի ընթացքին:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ անցեալին նոյնպիսի բանաձեւեր ներկայացուած են Քնեսեթ, սակայն համախմբական կառավարութիւնը զինք բաղկացուցած կուսակցութիւններու անդամ երեսփոխաններուն թելադրած էր դէմ քուէարկել` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ մտահոգութենէն մղուած: Այս անգամ կառավարութիւնը չէ հակազդած:

Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Նոյեմ Նալբանդեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Այսօրուան քննարկումներուն ընթացքին Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, թէ ամօթ է, որ Իսրայէլը կը ձգձգէ այս հարցը: Մենք կը հաւատանք, որ 30 մայիսին ի վերջոյ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշում պիտի որդեգրուի: Յոյս ունիմ, որ այդ օրը ձեզի լաւ նորութիւն պիտի յայտնեմ», ըսաւ ան:

23 մայիսին տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները իրենց խնդիրը չեն` շեշտելով, որ եթէ հարցը քուէարկութեան պիտի դրուի, ապա պէտք է որդեգրուի` անկախ անկէ, թէ ինչպէս են յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Նախագահ. «Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներ Պէտք Չէ Ըլլան»

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.