Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը իր արտակարգ նիստին պատգամաւորական իրաւագիր տրամադրեց Սպարտակ Սէյրանեանին:
Յայտնենք, որ օրեր առաջ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Բաբայեան հրաժարած էր: Համամասնական ցուցակին մէջ զայն կը յաջորդէր Սպարտակ Սէյրանեան: