Երէկ դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Կարօ Եղնուկեան: Ան ազատ արձակուեցաւ 10 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:
Եղնուկեան անազատութեան մէջ է 2016 թուականի յուլիսէն, ան կը մեղադրուի պատանդ վերցնելու, շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութեան, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելուն աջակցելու յանցանքով:
Միւս կողմէ, արդէն 31 օր հացադուլի մէջ գտնուող «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի նախագահ Գարեգին Չուգասըզեան դադրեցուց հացադուլը: Այդ մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այցելած էր Փաշինեանին:
Չուգասըզեանը Մատենադարանին առջեւ հացադուլ կ՛ընէր` պահանջելով համաներում յայտարարել անհամաչափ պատիժ ստացած անձերուն նկատմամբ: