Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի որդին` Եայիր Նեթանիահու, որ յայտնի է ընկերային ցանցերու վրայ իր կարծր գրառումներով, անդրադարձած է թուրք-իսրայէլեան լարուած յարաբերութիւններուն` Թուրքիան մեղադրելով Հայոց ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով:
«Թուրքիա՛, դուն պատասխանատու ես տառապանքներու եւ անհաւանական վայրագութիւններու համար, որոնց ենթարկուած են Կիպրոսը, յոյն ժողովուրդը, քիւրտերը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան համար: Կ՛ուզեմ յիշեցնել թուրքերուն, որ անոնք եկած են Կեդրոնական Ասիայէն` անօրինաբար բռնագրաւելով Փոքր Ասիան եւ Կոստանդնուպոլիսը, որ քրիստոնէական եղած է նախքան անոնց գրաւումը: Այսպիսով, ձայնդ կտրէ՛», «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի փոխանցումով գրած է Եայիր Նեթանիահու: