Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Զոհրապ Մնացականեան երէկ այցելեցին Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագիծ: Այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան գրած է իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
«Նախարարները այցելած են հարաւարեւմտեան սահմանագիծ` նախիջեւանեան ուղղութիւն: Տեղւոյն վրայ ծանօթանալով իրավիճակին, երկու նախարարները զօրամիաւորման հրամանատարութեան հետ քննարկած են սահմանային ուղղութեան ծառայութեան իւրայատկութիւնները: Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրամանատարութեան յանձնարարած է ըլլալ միշտ զգօն, չտարուիլ որեւէ սադրանքի, սակայն խստագոյնս կանխել հակառակորդի որեւէ յառաջխաղացք», տեղեկացուցած է Յովհաննիսեան: