Երէկ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախքան օրակարգին անցնիլը, հարցուց գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանին, թէ ի՞նչ տուեալներ կան վերջին կարկուտին պատճառած վնասին ծաւալներուն վերաբերեալ:
Գիւղատնտեսութեան նախարարը պատասխանեց, որ այս տարուան առաջին կարկուտի դէպքը արձանագրուած է 8 մայիսին: Տուժած են Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի մարզերը: Վնասուած տարածքներու ընդհանուր մակերեսը կազմած են 350 հեկտար, Արագածաւանին մէջ վնասի չափը 20-էն 80 տոկոս կազմած է, վնասուած են պտղատու ծառերը:
Վարչապետը հարցուց, թէ ե՞րբ կ՛ունենանք վնասի չափը` դրամական տեսքով: Գիւղատնտեսութեան նախարարը պատասխանեց, որ այդ տուեալները յստակ պիտի դառնան մէկ շաբաթ ետք:
«Կրնանք հաստատել, որ կարկուտի դէմ արդիւնաւէտ համակարգ այսօր չունինք Հայաստանի մէջ, եւ ասիկա լուրջ հարց է: Տարօրինակ է, իսկապէս, որ երկար ժամանակ անընդհատ կ՛ըսուէր, որ այս մարզին մէջ պէտք է լուրջ փոփոխութիւններ տեղի ունենան, բայց անոնք, դժբախտաբար, տեղի չեն ունեցած: Պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ պատճառը, որ գիւղացիական տնտեսութիւնները լայնօրէն չեն օգտուիր կարկուտի դէմ ցանցերու համակարգէն: Կ՛ընթադրեմ, որ պատճառները տնտեսական են:
«Լուրջ խնդիր ունինք գիւղական վարկերուն կապուած: Գիւղացիները կը գտնուին վարկերու, տուգանքներու բեռին տակ: Երէկ մենք զրուցած ենք Կեդրոնական դրամատան նախագահին հետ: Կը խնդրեմ, որ յառաջիկային ըստ կարելւոյն արագ մշակենք մեքանիզմներ, գիւղացիները վարկային տուգանքներէն զերծ պահենք, վարկային պատմութեան համաներման մեքանիզմ կիրարկենք, որ գիւղացիները վարկ վերցնելու կարելիութիւն ունենան, որ գիւղացիները յաջողին իրենց այգիները, բանջարանոցները եւ գիւղացիական տնտեսութիւնները մշակել, պաշտպանել», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Գիւղատնտեսութեան նախարարը աւելցուց, որ 2015-ին կարկուտի վնասին չափը կազմած է 8 միլիառ դրամ, 2016-ին` 33,5 միլիառ դրամ, 2017-ին` 12,2 միլիառ դրամ: «Կը կարծեմ, որ եթէ մենք իրականացնենք վնասի փոխհատուցման քաղաքականութիւն` հրանօթներու, ցանցերու մասով, ապա այս խնդիրը չենք ունենար», ըսաւ ան:
Ըստ վարչապետին, բոլոր պարագաներուն` կանխարգիլումը շատ աւելի քիչ գումար կը պահանջէ, քան վնասի հետեւանքներու վերացումը: Ուստի ան յանձնարարեց արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն որդեգրել կարկուտի դէմ ցանցերու համակարգերու լայն կիրարկման ուղղութեամբ:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւատեան աւելցուց, որ Վանաձորի մէջ այս պահուն կը կառուցուի գործարան, որ կ՛արտադրէ կարկուտի դէմ ցանցեր:
«Պէտք է աշխատիլ, որ օր առաջ, ժամ առաջ սկսի այդ գործարանի աշխատանքը, որպէսզի նպատակային ֆինանսաւորման մեքանիզմով հանրապետութեան մէջ լայնօրէն ներդրուի կարկուտի դէմ ցանցերու համակարգը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
 
			


